Շարունակական բողոքի ցոյցերով եւ հաւաքներով դարձեալ փողոց կÿիջնեն քաղաքապետարաններու տեղական ինքնակառավարման պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները, իրենց հակառակութիւնը յայտնելով կառավարութեան կողմէ գործադրուող ծրագրին, որ կը նախատեսէ հազարաւոր մարդոց գործէ արձակումը:
Իրենց սենտիքաներու գլխաւորութեամբ, այսօր Ուրբաթ օր հաւաք կը կազմակերպուի խորհըրդարանին առջեւ, մինչ քաղաքապետարաններու պաշտօնեաներու գործադուլը կը շարունակուի վաղը Շաբաթ օր, մինչեւ Երեքշաբթի, երբ խորհըրդարանի քուէարկութեան պիտի ներկայացուի խնդրայարոյց օրինագիծը:
Նոյն գիծին վրայ կը շարժին նաեւ ուսուցիչները, որոնք մամլոյ ասուլիս կը կազմակերպեն Երկուշաբթի օր, նպատակ ունենալով լայն արձագանգ տալ կրթական համակարգէն ներս կատարուող փոփոխութիւններու մասին, ծնողներուն ղրկուած նամակներով, հաւաքներով, մամուլին մէջ հաղորդագրութիւններով: Կրթական մշակները ահազանգ կը հնչեցնեն, դիտել տալով թէ նման քայլերով խոցելի կը դառնայ հանրային ուսման ամբողջ համակարգը:
Դարձեալ փողոց կ'իջնեն տեղական ինքնակառավարման պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները
- Details
- Category: Յունական լուրեր