Print
Category: Յունական լուրեր

Բազմամարդ հաւաքներու 12րդ օրն ըլլալով, երէկ գիշեր Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակը ողողուեցաւ «վրդովածներու» շարժումին պատկանող հազարաւոր քաղաքացիներով: Գնահատումները կը խօսին 200.000է շատ աւելի մարդոց եռանդուն հաւաքի մը մասին, ուր յունական դրօշակներու կողքին ծածանեցան Փորթուկալի, Իրլանտայի, Սպանիոյ, Արժանթինի, Եգիպտոսի եւ Եմենի դրօշակները:

Համաեւրոպական բնոյթ կրող խաղաղ շարժումը, իր գագաթնակէտին հասաւ երէկ գիշեր, հազարաւոր մարդոց մասնակցութեամբ:

Ոստիկանական ուժերը կանուխէն շըրջապատած էին հելլէն խորհրդարանի շէնքը, մինչ ժողովուրդը փոխադրութեան տարբեր միջոցներով ուղղուեցաւ դէպի Սինտաղմա:

Յատկանշական էր ժողովուրդի բազմերանգ ներկայութիւնը, ուր մեծ ու պզտիկ, երիտասարդ ու տարեց, ընկերներու խումբերով թէ ընտանիքներով, բոլորը ներկայ գտնուեցան, հեռու՝ կուսակցական խմբաւորումներէ: Կարգապահ կեցուածքով, առանց բռնութեան դիմելու, քաղաքացիները լոզունգներ բացագանչեցին, հիմնականօրէն՝ գործազրկութեան, երիտասարդներու ապագայի անորոշութեան, կրթութեան, առողջապահութեան հարցերու վերաբերող:

Զայրոյթի եւ հիասթափութեան ալիքը իր տեղը հետզհետէ կուտայ վըճռակամ ու հաստատ քաղաքական կեցուածքներու:

Հաւաքներ այլ քաղաքներու մէջ

Աթէնքի կեդրոնէն զատ, խիտ շարքեր կազմած մարդիկ՝ հաւաքուեցան Թեսաղոնիկէի Սպիտակ Աշտարակի շըրջակայքին, ինչպէս եւ Իրաքլիոյի, Փաթրայի, Լարիսայի, Լամիայի, Թրիփոլիի, Քալամաթայի, Կորընթոսի եւ Արղոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ: