Print
Category: Յունական լուրեր

Արաքսոս օդանաւակայանը գործարկելու առաջարկ ուղղած է Էտուարտօ Էռնէքեանին Յունաստանի զարգացման նախարար Գոսթիս Խածիտաքիս:

Յունաստանի զարգացման եւ տնտեսութեան նախարարութիւններէն փոխանցուած տեղեկութիւններու հիմամբ՝ լրիւ թղթածրար յանձնուած է հայազգի գործարարին, նոյն պահուն արդէն յայտարարուած մրցոյթին մասնակցելու առաջարկ փոխանցելով իրեն:

Thebest.gr կը հաղորդէ թէ Յունաստանի տարածաշրջանային օդանաւակայաններուն գծով պետութիւնը գործառնութեան յանձնելու նպատակով մրցոյթ պիտի կազմակերպէ: Նախարարութեանց խորհրդատուները պիտի գնահատեն թեկնածուներէն ներկայացուած առաջարկները եւ անոնց չափանիշները քննելէ ետք՝ մրցումի երկրորդ փուլ պիտի յայտարարեն:

Կ'ըսուի թէ Էտուարտօ Էռնէքեանի խումբը դրական գնահատած է Արեւմտեան Յունաստանի օդանաւակայաններու յանձանձումը ստանձնելու պարագան, յատկապէս Արաքսոսի մասին:

Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի «Զուարթնոց» նոր օդանաւակայանի կառուցման մէջ հրաշալի աշխատանք տարած է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնէքեանի ընկերութիւնը, որ յառաջիկայ 25 տարիներուն համար ստանձնած է «Զուարթնոց»ի գործերու տնօրինումը: