Յիշատակի օր կոչուած է հելլէն խորհրդարանին կողմէ 19 Մայիսը, որ Պոնտական Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրն է։ Այս օր, Յունաստանի մէջ եւ աշխարհի տարածքին գործող բոլոր պոնտական կազմակերպութիւնները յիշատակի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ոգեկոչելու համար Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ջարդուած յոյն-պոնտոսցի 220.000-365.000 զոհերու յիշատակը 1914-1923ի միջեւ։
Թրքական պետութիւնը կը մերժէ ընդունիլ Պոնտական Ցեղասպանութիւնը եւ անցեալ տարի պաշտօնական բողոք ներկայացուցած էր Յունական պետութեան, ոգեկոչական ձեռնարկներու ընթացքին յունական բարձրաստիճան ներկայութիւններուն դէմ։
Հայաստանի մէջ Յունական Համայնքի ներկայացուցիչներ Ծիծեռնակաբերդ կը բարձրանան ամէն տարի, յարգելու համար յիշատակը Պոնտական Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։
Հայասպան դահիճի ձեռքով ցեղասպանութեան ենթարկուած յոյն պոնտոսցի եւ ասորի ազգերը արդարութեան տիրանալու իրենց իրաւունքը կը հետա- պնդեն աշխուժօրէն:
Պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակի օրը 19 Մայիսն է, որ յատկանշուած է ոգեկոչական ձեռնարկներով եւ զոհերու յուշը յարգող այլ միջոցառումներով:
Յունաստանի պետութիւնը ճանչցած է Պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութիւնը 1994ին, եւ մարզային իշխանութեանց կազմակերպումով կը նշէ ոգեկոչումները: Այս տարի ոգեկոչումները կը ներառնեն հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Աթէնքի Ս. Աստուածածին Փանտանասայի եկեղեցիէն ներս, նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս սրբազանին, քաղաքական ձեռնարկ, ծառատնկում Փենտէլիի մէջ, ինչպէս նաեւ ձեռնարկ 26 Մայիսին, Աքրոփոլիսի թանգարանէն ներս, նուիրուած Հայոց-Յոյներու-Ասորիներու ցեղասպանութիւններուն:
Հայազգի Փիթըր Քութուճեան պոնտոսցիներու քաղաքական ձեռնարկի բանախօսը
Քաղաքական ձեռնարկը նախատեսուած է Կիրակի 19 Մայիսին, Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենայ դափնեպսակներու զետեղում: Ձեռնարկի բանախօսն է ամերիկահայ Փիթըր Քութուճեան, Պոսթընէն, որ յատկապէս հրաւիրուած է: Ան Մեսեչուսէց նահանգի Միտըլսեքս շրջանի շերիֆն է եւ ազդեցիկ քաղաքական դէմք մը, որուն քաղաքական հեռանկարները իր նահանգէն ներս բաւականին լուրջ են: Փիթըր Քութուճեան անցեալ ամիս, Ապրիլ 24ին օրը, ելոյթ ունեցած է Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին, ուր պատկերաւոր ձեւով խօսած էր իր փորձառութիւններու, իր ընտանեկան կեանքի մասին, պատմելով թէ մեծ հայրն ու մայրը Երկրէն եկած ու ապաստան գտած են Պոսթընի շրջանին մէջ: Անոնց կեանքի երթը որքան ալ ապրուած ըլլար Ամերիկայի մէջ, սակայն անտարակուսելիօրէն կապուած կը մնար հայրենի հողին:
Հեծելարշաւի կազմակերպում
Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին հեծելարշաւ տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, Շաբաթ եւ Կիրակի 18-19 Մայիսին:
Աթէնքի մէջ հեծելարշաւի մասնակիցները ճամբայ պիտի ելլեն Աքրոփոլիսի թանգարանէն, ապա պիտի անցնին Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանէն եւ պիտի աւարտեն արշաւը Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, ուր պիտի յաջորդէ համերգ: