Print
Category: Յունական լուրեր

Աշխատաւորական հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէմ կը բողոքեն երկրի քաղաքացիները, ընդդիմանալով կառավարութեան ճնշումներուն։

24 ժամուայ գործադուլ յայտարարած են աշխատաւորական երկու մեծագոյն սենտիքաները,  գործազրկութեան դէմ յստակ քայլերու պահանջքը ներկայացնելով: Սենտիքաները կոչ ուղղած են բոլորին մասնակցելու տարբեր քաղաքներու մէջ իրագործուող բողոքի ցոյցերուն։