Print
Category: Յունական լուրեր

Չափազանց բարդ եւ շատ դանդաղ (տեղքայլ) կշռոյթով կþընթանայ   Յունաստանի հանրային հատուածի վերակառուցման հեռանկարը։ Հելլէն մամուլը կþանդրադառնայ «թրոյքա»ի Աթէնք այցելութեան, ճնշումներու նոր ալիք մը ակնկալելով՝ Մարտին փոխանցուելիք վարկի տրամադրումին որպէս

նախապայման։
Եւրոպական Յանձնաժողովի աղբիւրներ յայտնած են թէ «Աթէնքի տրամադրած պատասխաններէն կախեալ պիտի ըլլայ «թրոյքա»ի ընթացքը, նկատի առած թէ Քոմիսիոն պատրադրած է հանրային պաշտօնեաներու անուանացանկերու տրամադրումը»։
Կառավարական աղբիւրներ կը նշեն թէ անխուսափելի են գործէ արձակումները, որովհետեւ հանրային համակարգէն 150.000 պաշտօնեաներու նուազումը կարելի չէ միայն թոշակաւորներու միջոցաւ գործադրել։