Print
Category: Յունական լուրեր

Ուրբաթ օր ծրագրուած է Յունաստանի արտաքին գործոց  նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի այցելութիւնը Անգարա։

Յունական դիւանագիտութեան ղեկավարը այս ձեւով կը փոխադարձէ Տաւութօղլուի այցելութիւնը Աթէնք, անցեալ Հոկտեմբերին։ Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ երկու պաշտօնակիցներուն միջեւ. անոնց քննարկումներու կեդրոնը պիտի գտնուի Յունաստան-Թուրքիա բարձրագոյն խորհուրդի համաժողովի ծրագրումը, որ պիտի կայանայ 5 Մարտ 2013ին, Թուրքիոյ մէջ։