Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երէկ կայացաւ եռակողմանի համաձայնագրի ստորագրութեան արարողութիւնը՝ Ատրպէյճանէն Եւրոպա բնական կազի փոխադրութեան Trans Adriatic Pipeline (TAR) խողովակաշարի կառուցման համար։
Հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէր ԱՄՆի արտաքին գործոց փոխ նախարար Էրիք Ռուպինի ներկայութիւնը՝ տուեալ արարողութեան։
Յունաստանի կողմէ համաձայնագիրը ստորագրեց արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս, Ալպանիոյ կողմէ փոխ վարչապետ եւ տնտեսութեան-ուժանիւթի նախարար Էտմոնտ Խածինաթօ եւ Իտալիոյ կողմէ զարգացման նախարար Քորանտօ Փասէրա։
Համաձայնագրի ստորագրութենէն անջատ սակայն, Ատրպէյճան ստիպուած է մրցոյթի մասնակցելու, խողովակաշարի կառուցման վերջնական որոշումը տալէ առաջ։ Այս պայմանաժամը ճշդուած է Յունիս 2013ին։
Ամենայնդէպս, վարչապետ Անտոնիս Սամարաս Յունաստանի համար որպէս «լաւ առիթ» ներկայացուց տուեալ համաձայնութիւնը, յայտնելով թէ նոր գործատեղիներ տրամադրելի պիտի ըլլան եւ մօտ 1.5 միլիառ եւրոյի ներդրումներ պիտի կատարուին։ Յունաստան կը հաւատայ թէ այս ձեւով «խաղին մէջ մտնելու» հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի իրեն, Թուրքիա-Յունաստան-Իտալիա (ITGI) խողովակաշարի ծրագրի ձախողութենէն եւ ռուսական South Streamի ծրագրէն բացառուելէ ետք։
Յունիսին մէջ, երբ խողովակաշարի ընտրութեան վերջնական հանգրուանը պիտի կայանայ՝ TAR-ի ծրագիրը դէմ յանդիման պիտի գտնուի Nabucco West ծրագրին, որ 800 քիլոմեթր երկարութիւն նախատեսուած է ունենալ եւ հսկայական Nabucco ծրագրի մէկ փոքր տարբերակն է։
Nabucco 1300 քիլոմեթր երկարութեամբ, ճամբայ պիտի ելլէ թուրք-ալպանական սահմաններէն, ճեղքելով Պուլկարիան, Ռումանիան եւ Հունգարիան, հասնելով մինչեւ Աւստրիոյ Պաումկարտենը։