Print
Category: Յունական լուրեր

Հելլէն խորհրդարանը վաւերացուց իմամներու նշանակման առընչուող օրինագիծը
Ռոտոփիի երեսփոխանը  կը սպառնայ անջատման քայլի դիմել

Քննարկումներու առարկայ դարձաւ երկար ժամանակէ ի վեր վէճերու առիթ տուած օրինագիծը, որ կը նախատեսէ Յունաստանի մահմետական փոքրամասնութեան դպրոցներուն մէջ ծառայող կրօնքի դասատու հոգեւորականներուն  ¥իմամներու¤ նշանակման իրաւասութիւնը վերապահել հելլէն

պետութեան։
Ծանր իրավիճակ ստեղծուեցաւ հելլէն խորհրդարանէն  ներս օրինագիծի քննարկման պահուն, երբ «Անկախ Յոյներու» նախագահ Փանոս Քամենոս յայտարարեց, թէ իր խմբակցութիւնը ի նպաստ պիտի քուէարկէ օրի-նագիծին՝ նախազգուշացնելով, թէ պէտք չէ նահանջել օրինագիծի քուէարկումէն՝ «թրքական հիւպատոսարանի  ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն պատճառով»։
Ինչպէս յայտնի դարձաւ մամլոյ հրապարակումներէ, թուրք հիւպատոսը սպառնացած է, թէ այնքան ժամանակ որ ինք պաշտօնի վրայ է, պիտի չթոյլատրէ նման օրինագիծի վաւերացումը...
ՓԱՍՕՔի Ռոտոփի շրջանի երեսփոխան Ահմէտ Հաճիօսման պահանջեց օրինագիծին դէմ քուէարկել՝ յայտնելով, թէ ինք՝ որպէս փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ, կը հաւատայ որ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ նման օրէնքի մը ընդունումը։
Իր կողմէ խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս դիտել տուաւ, թէ ՓԱՍՕՔի առաջադրած օրինագիծին ընդունումը «Թրակիոյ մէջ խաղաղութեան երաշխիք մը պիտի հանդիսանայ»։
Քուլիսային խորհրդակցութիւններու առիթ տուաւ օրինագիծի քուէարկման հարցը, որ «Ոսկեայ արշալոյս» խմբակցութեան երեսփոխաններու եւ մահմետական փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու միջեւ վիճաբանութիւններէն անդին անցնելով, յայտնի դարձուց կառավարական շրջանակներուն մօտ ստեղծուած տագնապը։
Յայտնենք, թէ նախարարական առաջարկով չներկայացուեցաւ տուեալ օրինագիծը խորհրդարան, այլ՝ Նոր Հանրապետութիւն եւ ՓԱՍՕՔ կուսակցութիւններու որոշ երեսփոխաններու նախաձեռնութեամբ եղած առաջարկ է, որ նպատակ ունի Յունաստանի բոլոր քաղաքացիներու համահաւասար համարկումը յունական ընկերութենէն ներս, եւ զօրակցութեան արտայայտումը՝ փոքրամասնական հարցերու նկատմամբ:
Կրթութեան նախարար Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոս ընդունեց օրինագիծը։
Պատմութեան համար յիշեցնենք, թէ Թրակիոյ մէջ մահմետական փոքրամասնութեան աշակերտներուն մօտ Քուրանի դաստիարակութեան համար 2007ին օրէնք ընդունուեցաւ, որ կը նախատեսէր 240 իմամներու օգտագործումը, որոնց վճարումը յունական պետութեան կողմէ պիտի կատարուէր։ Ինչպէս կը յայտնէ «Onalert» կայքէջը, յաջորդ տարիներու ընթացքին այս նախաձեռնութիւնը լաւ ընթացք չունեցաւ։ Թրքական հիւպատոսութիւնը շարունակեց իր կողմէ պաշտօնի կոչուող եւ ամսավճար ստացող իմամներ գործի լծել, որոնք նոյնիսկ երեկոյեան դասընթացքներ կայացուցին Քուրանի դասաւանդման նպատակով։