Print
Category: Յունական լուրեր

Յունաստանի  կառավարութիւնը երեք  կարեւոր  հարցեր կը  դիմագրաւէ

Երեք կարեւոր հարցերու եւ երեք անուններու շուրջ քուէատուփի վճիռ արձակելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած է Յունաստանի կառավարութիւնը, փորձելով դասաւորել Լակարտի ցուցակի յայտնաբերման հետեւանքները

Երէկ հանդիպում կայացաւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի, Էվանկելոս Վենիզէլոսի եւ Ֆոթիս Քուվելիսի միջեւ, ուր քննարկուեցաւ տուեալ հարցը, հակառակ որ երեք ղեկավարները խուսափեցան որեւէ բացատրութիւն տալէ: Ինչպէս յայտնի է սակայն, իրենց նպատակն էր նուազեցնել ու սահմանափակել ամբողջ գործէն բխող պատասխանատուութիւններու հարցը, հիմնականօրէն պարտականութիւնները սահմանելով տնտեսութեան նախկին նախարար Եորղոս Փափագոնսթանտինուի դերակատարութեան վրայ: ՍԻՐԻԶԱի կողմէ նախաքննութեան առաջարկ արդէն ներկայացուած է Էվանկելոս Վենիզէլոսի եւ Եորղոս Փափագոնսթանտինուի մասին, որ սրած է մթնոլորտը:

Խորհրդարանական ուժերը պէտք է վճռեն թէ որո՞նք են պատասխանատուութիւն կրող անձերը: Անոնք սակայն կը դիմագրաւեն երեսփոխաններու տհաճ անակնկալներու հարց, որոնց կեցուածքը քուէարկութիւններու պարագային լուրջ հարցականներ կը ստեղծէ: Ամենայնդէպս, կառավարական եռեակը այսօր պէտք է ճշդէ թէ որո՞նց դէմ պիտի ըլլան քուէարկութիւնները: Ըստ ընդդիմութեան առաջարկին՝ վերեւ նշուած երկու երեսփոխաններու անուններու կողքին հաւանական է աւելցուին նախկին երկու վարչապետներու՝ Լուքաս Փափատիմոսի եւ Եորղոս Փափանտրէուի անունները: Խորհրդարանի լիագումար նիստը պէտք է վճռէ՝ 151 քուէի արդիւնքով: