Print
Category: Յունական լուրեր

Թեսաղոնիկէ կը փոխադրուի երկու օրուայ համար Յունաստանի պետական աւագանին, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի եւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի, մասնակցելու համար Թեսաղոնիկէի ազատագրման 100ամեակի տօնակատարութիւններուն:


Այսօր Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարարութեան շէնքէն ներս բացումը պիտի կատարուի «1912-1913 Ազատագրութեան Գանձերու» նուիրուած բացառիկ ցուցահանդէսին:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 11ին նախատեսուած է զինուորական տողանցքը, 28 Հոկտեմբերի ազգային տօնին առիթով, Թեսաղոնիկէի ծովեզերեայ Մեղալու Ալեքսանտրու պողոտային վրայ: Ոստիկանութեան կողմէ ապահովական խիստ միջոցներ որդեգրուած են տողանցքի անխափան կազմակերպման կապակցութեամբ, ի մտի ունենալով 2011ի պատկերը, երբ քաղաքացիները ցոյցեր կազմակերպած էին նոյն պահուն: