Print
Category: Յունական լուրեր

Նոյն պահուն որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու
պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէր Աթէնք՝

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու աւարտեց միօրեայ պաշտօնական իր այցելութիւնը Աթէնքի մէջ:


Երէկ Չորեքշաբթի օր, մինչ Տաւութօղլու կը տեսակցէր Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի եւ արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ, չորս թրքական ռազմական սաւառնակներ (երկուքը՝ զինուած) կը խախտէին Յունաստանի օդային մարզը, անմիջապէս ետ քշուելով Յունաստանի զինուորական ուժերու սաւառնակներէն:
Նախապէս կիրքերը արդէն գրգըռուած էին Տաւութօղլուի մէկ խօսքին վրայ, երբ ան ակնարկեց «ազատ Եգէականի» գոյութեան: Յունական խորհըրդարանին մէջ Վանկելիս Մէյմարաքիս ընդունելով Ահմետ Տաւութօղլուին, իրեն որպէս նուէր յանձնեց փոքրիկ նաւակ մը. Տաւութօղլու նուէրը ընդունելով ըսաւ, թէ «մենք կը փափաքինք Եգէական ծովը միշտ ազատ տեսնել, որպէս բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ծով», խօսք՝ որ կիրքերը բորբոքեցուց, որոշներու կողմէ Անգարայի կողմէ յղուած յստակ պատգամ նկատուելով:

Յունաստանը Թուրքիոյ համար՝ ներդրումներու գրաւիչ թիրախ

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարի տեսակցութիւններու ընթացքին քննարկուած նիւթերը մեծ մասով տնտեսական բնագաւառին առընչուած էին: Թուրքիա ներդրումներու որպէս գրաւիչ թիրախ կը դիտէ Յունաստանը, յատկապէս տնտեսական անկայուն իրավիճակի այս պահուն:
Յատկանշական է նաեւ թրքական կողմի հետաքրքրութիւնը զբօսաշրջական գետնի վրայ, կղզիներու նաւահանգիստներու վարձակալման, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մարզէն ներս գործարար եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման գծով:

«Չենք մոռնար» լոզունգով՝ բողոքի ցոյց կատարեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան դէմ, կիպրական եւ յունական  կազմակերպութիւններ: