Print
Category: Յունական լուրեր


Յունաստանի աշխատաւորական սենտիքաներու միացեալ ընդհանուր գործադուլ կ'իրագործուի վաղը Չորեքշաբթի օր, երկրի ամբողջ տարածքին:


Աշխատաւորները կը բողոքեն կառավարութեան մշակած՝ ամսականներու կրճատումներու, յարկերու կրկնապատկման նոր օրինագիծին դէմ: Գործադուլին կը մասնակցին հանրային ծառայութեանց պաշտօնէութիւնը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատաւորները, յարկային սպասարկութեանց, հիւանդանոցներու, վաճառախանութներու, դրամատուներու պաշտօնեաները, ուսուցիչները,            համալսարաններու փրոֆէսէօրները, փաստաբանները, դատական համակարգի եւ հանրային փոխադրամիջոցներու պաշտօնեաները:
Աթէնքի մէջ պիտի գործէ միայն մեթրօ-ն, ժողովուրդի փոխադրութիւնը դիւրացնելու համար:
Միւս կողմէ, կը շարունակուին կառավարութեան եւ եւրոպական վերահսկողութեան մարմնի միջեւ խորհրդակցութիւնները: Ճնշումները կը բազմաման, մանաւանդ Քրիսթին Լակարտի կողմէ, որ  իր կարգին կը պնդէ, թէ  Յունաստանի ներկայացուող լուծումները՝ իսկութեան մէջ որեւէ կարճաժամկէտ արդիւնքի պիտի չյանգին, իսկ Եւրօգօտիէն ներս ստեղծուած անկայուն իրավիճակը աւելի բարդ պիտի դարձնէ ստեղծուած կացութիւնը:
Եւրոպական մակարդակի վրայ յամեցող քաղաքական հարցը մեծ մասով կախեալ է յունական պարտատոմսերու ստիպողական կրճատումը ընդունելու անդամ-երկիրներու տրամադրութենէն: