Print
Category: Յունական լուրեր

Զայրոյթ եւ ցասում յառաջացուցած է յունական սփիւռքի մօտ, օտար երկիրներու մէջ գործող յունական վարժարանները փակելու մասին որդեգրուած Յունաստանի պետութեան որոշումը:

 


«Թրոքթիքօ» կայքէջը կը հաղորդէ թէ յունարէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման այս կռուանները կորսնցնելու վախը՝ բողոքի բուռն ալիք յառաջացուցած է արտասահմանի մէջ ապրող ու գործող յունական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն մօտ:
Միութեանց ներկայացուցիչները դիտել կուտան թէ այսպիսի որոշում լրջօրէն պիտի խախտէ Յունաստանի եւ յունական ինքնութեան հետ կապերը:
Գերմանիոյ մէջ յունական միջնակարգ դպրոցները -ուր կը կիրարկուի Յունաստանի  կրթութեան նախարարութեան ծրագիրը- անորոշ վիճակ կը դիմագրաւեն, յոյն ուսուցիչներու ամսավճարներու կրճատումներով եւ գործէ արձակումներով:
Աւստրալիոյ մէջ տարբեր է իրավիճակը. յունարէնի դասապահերը կը գործադրուին հանրային պետական վարժարաններէն ներս, ուր ուսում կը ստանան 950 աշակերտներ: Յունարէնի դասապահերուն համար տրամադրուած են 50 ուսուցիչներ:
Յունական միութիւնները ահազանգ կը հնչեցնեն, դիտել տալով թէ պէտք է ջանքեր գործադրել Յունաստանի հետ անմիջական կապերը պահպանելու եւ լեզուի ու մշակոյթի ուսուցման համակարգը  չխախտելու իմաստով: 
«Յոյն ուսուցիչներու մեկնումով նոր սերունդին պատկանող հազարաւոր երեխաներ ու երիտասարդներ պիտի զրկուին մայրական լեզուի հետ շփումէն» կ'ըսեն անոնք: