Երէկ առաւօտեան յայտարարուեցան Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններէն ներս մուտքի քննութեանց արդիւնքները: Ըստ նախնական տուեալներու Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի համալսարաններու մօտ դիմումներու աճ կայ, որ կը պատճառաբանուի տնտեսական տագնապի ստեղծած իրավիճակով:
Անձկութեան ու մտավախութեան շրջանը բոլորած երիտասարդ ուսանողները կը հրճուին եւ արդար գոհունակութեան զգացումներով կÿընկալեն արդիւնքները, տքնաջան իրենց աշխատանքի արդիւնքը վայելելով: Յաջողած ուսանողներու ընտանիքներուն հետ կը հրճուինք նաեւ մենք բոլորս, որովհետեւ կը ճանչնանք այս տղոց մեծամասնութիւնը. անոնք մեր հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներն են, մեր ակումբներուն մէջ յաճախող տղաքն են, որոնք փորձութեան երկար շրջանէ մը ետք, ապացուցանեցին թէ տոկունութիւնն ու համբերութիւնը ունեցան հետեւողական աշխատանք տանելու եւ յաջողութեան հասնելու։ Իրենց երիտասարդ կեանքին մէջ առաջին մեծ ձեռքբերումն է այս հանգրուանը, որ վճռորոշ է իրենց ապագային համար: Այժմ անոնք կը գտնուին այս հանգրուանի սեմին, որ իրենց համար լայն հորիզոններ պիտի բանայ, միաժամանակ նորանոր փորձութիւններ եւ փորձառութիւններ բերելով իրենց, ինչպէս եւ շեշ-տուած պարտաւորութիւններ:
Համալսարանական ճիւղի ընտրութիւնը, որ մասնագիտացում պիտի բերէ հայ երիտասարդներուն, պէտք է անհատին հետաքրքրութիւններն ու սէրը արտայայտող մարզ ըլլայ։ Այս իմաստով միայն կը ծաղկին երիտասարդի մը կարողութիւնները եւ միաժամանակ իր անձնաւորութիւնը կþամբողջանայ։
Բարի երթ կը մաղթենք երիտասարդ ուսանողներուն: