Print
Category: Յունական լուրեր

Վտանգ կը սպառնայ մանկամսուրներուն, ծերանոցներուն, դեղօրայք եւ
սնունդ-հագուստեղէն հայթայթող մարդասիրական ծառայութիւններուն

Երկրի 325 քաղաքապետութիւններէն մեծ թիւ մը տընտեսական սնանկացման վտանգը կը դիմագրաւէ: Օգոստոս-Դեկտեմբեր  2012 ժամանակաշրջանին համար նախատեսուած պետական յատկացումները կրճատուած են 48% տոկոսով՝ 135 միլիոն եւրոյի փոխարէն 70 միլիոն եւրօ

գումար յատկացում նախատեսելով:
Յունաստանի Քաղաքապետութիւններու Կեդրոնական Խորհուրդը արտակարգ հանդիպում մը գումարած է, քննելու համար իւրաքանչիւր քաղաքապետութենէ ներս իրագործուող պետական ծա-ռայութեանց գործունէութեան շարունակութեան հարցեր: Առաջնահերթութիւններու              ճշդումը կարեւոր է այս պահուն, քանի որ վտանգ կը սպառնայ քաղաքապետական մանկամսուրներու, ծերանոցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ծառայութիւններ հայթայթող բաժանմունքներուն, աշխատաւորներու ամսական վճարումներուն, այլեւ քաղաքապետական աշխատանքներ մատակարարող երրորդ անձերու:
Խորհուրդը որոշում կայացուցած է հանդիպումներ ունենալու կուսակցութեանց ղեկավարներուն հետ, ահազանգ հնչեցնելով յատկացուող գումարներու  կրճատման հետեւանքներէն:

«Թրոյքա»ն կը պահանջէ հանրային  ծառայութիւններու
պաշտօնէութեան թիւի նուազում

Դարձեալ կ'արծարծուի հանրային ծառայութիւններու պաշտօնէութեան թիւի նուազումը, որ մինչեւ 2015 պէտք է յաջողուած ըլլայ: Տնտեսական տագնապի դիմագրաւման առաջին հարցերէն էր այս հարցը, որ այսուհանդերձ չէ լուծուած, դիմագրաւուող տագնապի երկու տարուան ընթացքին: Ըստ տնտեսական յուշագրին՝ 2012ի մէջ պէտք է գործէ արձակուած ըլլայ 15.000 պաշտօնեայ: Այս հարցին անդրադարձաւ  տնտեսութեան փոխ նախարար Խրիսթոս Սթայքուրաս, այսօր առաւօտեան ժամերուն MEGA կայանին տրուած հարցազըրոյցի մը ընդմէջէն: Ան դիտել տուաւ, թէ կառավարութիւնը կը մնայ իր կեցուածքին վրայ ու կը ջանայ տարբեր ձեւով լուծել հարցը, գործի վրայ պահելով պաշտօնէութեան մեծ մասը: