Print
Category: Յունական լուրեր

Խալքիի կղզիին վրայ գտնուող յունական Այիա Թրիատա վանքը եւ Աստուածաբանական վարժարանը այցելեց՝ օրերս պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտնուող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ  Կորտոն:


Սթէյթ Տիփարթմընթի բարձրաստիճան դիւանագէտին ընդունեց մետրոպոլիտ Էլփիտոֆորոս, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Խալքիի դպրովանքի կացութեան, ստեղծուած իրավիճակի եւ յարակից հարցերու մասին:
Ֆիլ Կորտոն մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ թանկարժէք գիրքեր պարունակող թանգարանին գծով: Ան յայտնեց իր պետութեան շարունակական հետաքրքրութիւնը եւ հաստատ համոզումը՝ Խալքիի դպրեվանքի վերաբացման առընչութեամբ, ինչպէս եւ Ֆանարի տիեզերական պատրիարքութեան դիմագրաւած հարցերու գծով:
Ֆիլ Կորտոն մետրոպոլիտէն խնդրեց ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ջերմ ողջոյնները փոխանցել Պարթոլոմէոս տիեզերական պատրիարքին: