Ախայիա նահանգի անտառային շրջանէն ներս ծագած հրդեհը տարածուած է Սելա եւ Փլաթանի բնակուած շրջաններուն մօտ:
Հրշէջ սպասարկութեան ուժերը հրշէջներու, ինքնաշարժներու եւ ինքնաթիռներու մեծ թիւ համախմբած են շրջանէն ներս, փորձելով հակակշռել ընթացող հրդեհը:
Նոյնպէս, երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուի Կորընթոսի Զեւղոլաթիոյի հրդեհը: Զօրաւոր հովը արգելք կը հանդիսանայ հրշէջ սպասարկութեան ջանքերուն: