Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումները Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան տեսակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի, վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի, արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Լամպրինիտիսի, տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի հետ:
Հիլըրի Քլինթըն կարճ ժամանակ տրամադրած է այցելելու համար Աքրոփոլիսի թանգարանը:
Այսօր Երկուշաբթի ան պիտի հանդիպի Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարասի հետ:
Հիլըրի Քլինթընի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է
Յունական տնտեսութեան ճգնաժամը քննելու հրաւիրուած Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի գումարման նախօրեակին, Աթէնք այցելեց ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ամերիկեան կառավարութեան զօրակցութիւնը յայտնեց Յունաստանի պետութեան համոզում արտայայտելով, որ կառավարութիւնը ճիշդ ուղիի մէջ է: Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնած է նախագահ Պարաք Օպամայի զօրակցական յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
Երէկ գիշեր, Աթէնքի կեդրոնէն ներս բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Հ. Քլինթընի այցելութեան դէմ:
Քլինթընի այցելութիւնը Թուրքիա
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Աթէնք գալէ առաջ, Շաբաթ օր Թուրքիա այցելեց, ուր Տոլմապահչէի Թուրքիոյ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ հասարակաց դիրքորոշում որդեգրելու եւ համագործակցութիւնը շարունակելու մասին։
Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու։ Քննարկուած են տարածաշրջանային հարցեր մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ առնչուող հարցերը։ Անոնք խօսած են Պոլսոյ մէջ Լիպիոյ շուրջ յանձնախումբի ժողովի յաջողութեան մասին։
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են հակահրթիռային պաշտպանութեան թեմային։ Այս առընչութեամբ որոշուած է բանակցային գործընթացը ՆԱԹՕի մէջ շարունակելու մասին։