Print
Category: Յունական լուրեր

«Ազգային պատասխանատուութեան» կառավարութեան նոր կազմը իր երդումը կատարեց երէկ, նախագահական ապարանքէն ներս: 39 հոգիէ բաղկացած նախարարական կազմը (37 այր, 2 կին) մեծ մասով ներառած է Նոր Հանրապետութեան պատկանող 25 երեսփոխաններ եւ 14 արտախորհրդարանային անձնաւորութիւններ:
Նախարարութիւններու թիւը կը հասնի 16ի:

«Ազգային պատասխանատուութեան» կառավարութեան մասնակցող երեք խորհրդարանական ուժերը (Նոր Հանրապետութիւն, ՓԱՍՕՔ, ՏԻՄԱՐ) յայտարարագիր մը հրապարակեցին, ուր կը յայտնեն թէ նոր կառավարութեան թիրախն է «տնտեսական տագնապին դիմադրել, երկրի զարգացման ուղին վճռել եւ տնտեսական Յուշագրի պայմանները վերատեսութեան ենթարկել», առանց որեւէ ձեւով խափանելու երկրի եւրոպական ուղղուածութիւնը, ոչ ալ եւրօգօտիէն ներս գոյութիւնը:
Երդման արարողութենէն ետք գումարուած նախարարական առաջին նիստին ընթացքին, վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, յստակօրէն նշեց, թէ զեղչումներու քաղաքականութիւնը պիտի սկսի կառավարութենէն, ուր նախարարներու ամսականներու 30% նուազում յայտարարեց, ինչպէս եւ նախարարական ինքնաշարժներու ու փոխադրամիջոցներու սահմանափակումը: «Անձնական օրինակը լաւագոյն միջոցն է, ճիշդ կառավարիչի մը համար» ըսաւ վարչապետը: