Print
Category: Յունական լուրեր

Երկրի վարչապետ երդուեցաւ Անտոնիս Սամարաս:
Ան տեսակցութիւն մը ունեցաւ նախորդ մէկ ամսուան ընթացքին վարչապետի պաշտօնը վարած Փանաեոթիս Փիքրամենոսի հետ, Մաքսիմոսի ապարանքէն ներս:

Երկրի քաղաքական ուժերու երեք ղեկավարները եւ վեց ներկայացուցիչները իրենց աւարտին կը հասցնեն կառավարութեան կազմը որոշող քայլերը: Արդէն յայտնի է տնտեսութեան նախարարի անունը՝ Վասիլիս Ռափանոս, որ պիտի գործէ Խրիսթոս Սթայքուրասի եւ Եորղոս Զանիասի  հետ միասին: Զանիաս այսօր Լիւքսեմպուրկ կը մեկնի եւրոգօտիի երկիրներու խորհըրդաժողովին մասնակցելու համար:
Նոր Հանրապետութիւն, ՓԱՍՕՔ եւ ՏԻՄԱՐ իրենց թեկնածուները կ'առաջադրեն մնացեալ նախարարական պաշտօններուն համար:
Երէկ կայացաւ երկրի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի երդման արարողութիւնը: Իր պաշտօնը նոր ստանձնած Անտոնիս Սամարաս՝ յայտնեց թէ կը վերակազմակերպէ երեք նախարարութեանց աշխատանքը՝ Զբօսաշրջութեան, Ծովային եւ Մակեդոնիոյ-Թրակիոյ նախարարութիւնները: Վարչապետի առաջարկով պիտի կազմուի սեղմ նախարարական կառոյց մը, 16 նախարարներով եւ 20 փոխ նախարարներով:
Այսօր կէսօրուայ ժամերուն պիտի կայանայ նորակազմ կառավարութեան երդման արարողութիւնը: