Կանուխ առաւօտեան ժամերուն յայտարարուեցաւ Յունաստանի նոր կառավարութեան կազմը
Յունիս 17ին կազմակերպուելիք Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, այսօր կանուխ առաւօտեան ժամերուն, ամբողջացաւ երկրի խնամատարական կառավարութեան նոր կազմը, որ իր երդումը տուաւ ժամը 11:00ին:
Կառավարութիւնը կը բաղկանայ 16 նախարարներէ, որոնք մեծ մասով համալսարանական փրոֆէսէօրներ, նախկին նախարարներ եւ դիւանագէտներ են: Անոնք պիտի գործեն առանց փոխ նախարարներու:
Նորանշանակ վարչապետ դատախազ Փանաեոթիս Փիքրամենոս դիտել տուաւ, թէ երկիրը դժուար հանգրուան կը դիմագրաւէ, իսկ ներկայիս պէտք է ջանք թափել, որպէսզի ընտրութիւնները կազմակերպուին խաղաղ եւ չափաւոր կլիմայի մէջ:
Երէկ գիշեր կայացաւ վարչապետ Փիքրամենոսի հանդիպումը Լուքաս Փափատիմոսի հետ, որ շեշտեց երկրիմիջազգային պարտաւորութիւնները լրացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ «վստահութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար»: