Print
Category: Յունական լուրեր


Պրիւքսել կը  ճնշէ

Բարդ եւ անկայուն է Յունաստանի քաղաքական իրավիճակը, որ կառավարութիւն ձեւաւորելու բազմաթիւ ճնշումներու շրջան մը լրացուց: Սեղանի վրայ գտնուեցաւ ոչ ամպայման քաղաքական անձնաւորութիւններէ կառավարութիւն կազմելու առաջարկը, որու յղացումը վստահ որ միայն յունական շրջանակներու չէր պատկաներ:

Այժմ, կուսակցութեանց ղեկավարները իրենց հայեացքը դէպի քուէատուփ ուղղած են դարձեալ եւ քուէարկողներու ձայներ ապահովելու նոր ռազմավարութիւններու մշակման գործընթացի մէջ կը գտնուին: Կուսակցութեանց այս խաղերը սակայն երկիրը կը թուլացնեն եւ նախապատրաստուելու անհրաժեշտ ժամանակը կուտան Պրիւքսելի շրջանակներուն:
Այսօր Չորեքշաբթի կէսօրուայ ժամը 13:00ին դարձեալ խորհրդաժողով կը հրաւիրուի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի մօտ, ուր քաղաքական ղեկավարները պիտի քննարկեն խնամատար կառավարութեան կազմութեան հարցը, ընտրութիւնները -ըստ ամենայն հաւանականութեան- Յունիս 17ին իրագործելու նպատակով:

 

Դրական պատգամներ՝ Մերքել-Օլանտ հանդիպումէն

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի միացեալ մամլոյ ասուլիսէն դրական պատգամներ կը բխին Յունաստանի մասին: Երկու ղեկավարները դիտել տուին թէ յոյն քաղաքացիները մեծ ջանքեր ի գործ կը դնեն յաղթահարելու համար երկրի տնտեսական իրավիճակը, եւ շեշտեցին թէ իրենց փափաքն է շարունակել Յունաստանը եւրագօտիէն ներս տեսնել: