Print
Category: Յունական լուրեր


Կառավարութիւն կազմելու ջանքերը կը շարունակուին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի նախաձեռնութեամբ:


Մինչ այդ, փոխադարձ յայտարարութիւններու «պատերազմ» սկսած է Հանրապետութեան նախագահի եւ «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան նախագահ Փանոս Քամենոսի միջեւ, երէկ հրապարակուած փաստաթուղթի մը լոյսին տակ: Փանոս Քամենոս կը մերժէ թէ իրեն կը պատկանի տուեալ փաստաթուղթը, ուր արձանագրուած են իր կողմէ յառաջ քշուող պայմանները՝ «ազգային արտակարգ իրավիճակներու» կառավարութեան մը կազմութեան կապակցութեամբ:
Քաղաքական անկայունութեան կլիմայի մէջ Հինգշաբթի օր պիտի բացուի հելլէն խորհրդարանը, նորընտիր երեսփոխաններու երդման արարողութեամբ, որ պիտի կատարէ Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս սրբազանը: Խոր-հըրդարանի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ նախորդ նստաշրջանի փոխ նախագահ Վիրոն Փոլիտորաս: Ուրբաթ օր կայանալիք նիստին ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ նոր նախագահի ընտրութիւնը: Այն պարագային որ կառավարութիւն կազմելու ջանքերը ապարդիւն անցած պիտի ըլլան, խորհրդարանը պիտի փակուի դարձեալ, ընտրութիւններու կայացման նոր թուական ճշդելէ ետք: «Թա Նէա» օրաթերթը դիտել կուտայ թէ նոր ընտրութիւններ կայացնելու որոշումը, ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ նախորդ կառավարութեան անդամներու յանցագործութիւններու ջնջումը:

«Ժամանակ տանք Յունաստանին»

Պելճիքայի վարչապետ Էլիօ տի Ռուփօ, հարցազրոյց մը տալով գերմանական Suddeutsche Zeitung թերթին, խօսած է Յունաստանի մէջ դիմագրաւուող քաղաքական տագնապի մասին, դիտել տալով թէ «Յունաստան անկախ երկիր է: Կուսակցութիւնները պարտին առանձին ջանք թափել, կառավարութիւն կազմելու համար: Մենք, եւրոպացիներս, պէտք է խուսափինք որեւէ թելադրանք կամ ցուցմունք կատարելէ» ըսած է վարչապետը:
Էլիօ տի Ռուփօ շեշտած է թէ ժամանակ պէտք է տրուի յոյն քա- ղաքական ղեկավարներուն, նախազգուշացնելով ամբողջ Եւրոպայի մէջ դիմագրաւուող լուրջ իրավիճակի մասին:
«Հաւատացինք թէ Յունաստանը ճգնաժամէն դուրս բերելու ճիշդ միջոցը յուշագրի միջոցաւ իրենց պարտադրուած օրէնքներն էին: Հիմա, ժողովուրդը իր քուէով փաստեց թէ կը մերժէ այս կեցուածքը: Տեսէք Գերմանիան, ուր երկու կուսակցութիւններ բանակցեցան կառավարութեան կազմութեան համար: Պելճիքայի մէջ վեց էին ուժերը: Յունաստանի մէջ նուազագոյնը երեք ուժեր կան, որոնք կրնան քով-քովի գալ եւ լուծում գտնել: Անհրաժեշտ է ժամանակ տրամադրել» շեշտած է ան:

Փրոտի. «Թուղթէ աշտարակ է եւրագօտին»

Քոմիսիոնի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, եւրագօտիի մէջ ստեղծուած կացութեան անդրադառնալով, խիստ պատասխան տուած է Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Վոլֆկանկ Սոյպլէի: Ան ահազանգ հնչեցուցած է դիտել տալով թէ Յունաստանի հաւանական ելքը եւրագօտիէն «թուղթէ աշտարակի փլուզման պիտի առաջնորդէ, որովհետեւ ուրիշ երկիրներ ալ նոյն ճամբէն պիտի ուղղուին» ըսած է Փրոտի, ակնարկելով շահարկուներու շրջանակներուն: «Յունաստան եւրոյի գօտիի հազիւ 2%ը կը կազմէ, ինչ որ շատ փոքր չափանիշ մըն է: Եւրագօտիէն դուրս գալու պարագային սակայն, շահարկուները կուլ պիտի տան Աթէնքը, ապա պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կուլ տան նաեւ Փորթուկալը, Սպանիան, եւ շարունակաբար Իտալիան եւ Ֆրանսան» յատկանշականօրէն ըսած է Ռոմանօ Փրոտի: