Անարդիւնք անցան Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ երկու հանդիպումները, որ երէկ տեղի ունեցան քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Կառավարութիւն կազմելու համար սահմանադրութեամբ ճշդուած հանգրուաններու վերջինն էր երէկուան հանդիպումը, որ առաւօտուն կայացաւ Նոր Հանրապետութիւն, Սիրիզա եւ ՓԱՍՕՔի ղեկավարներուն հետ։ Անտոնիս Սամարաս եւ Էվանկելոս Վենիզէլոս խստօրէն քննադատեցին Ալեքսիս Ցիփրասի մերժումը, երբ Սիրիզայի ղեկավարը դիտել տուաւ, թէ ոչ մասնակցութիւն կրնայ բերել յուշագիրը ստորագրած ուժերու կառավարութեան մը, ոչ ալ հանդուրժողութեան քուէ կրնայ տալ անոնց։
Երեք հիմնական քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ հանդիպելէ ետք, հանրապետութեան նախագահը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յաջորդական չորս կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Այսօր դարձեալ հանդիպում կը հրաւիրէ նախագահ Փափուլիաս, ճնշելու եւ սպա-ռելու համար կառավարութիւն կազմելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
Միջազգային մամլոյ անդրադարձը
Յունաստանի մէջ տիրող բեւեռացած մթնոլորտը եւ կառավարութիւն կազմելու անկարողութիւնը դարձեալ գրաւեցին միջազգային մամլոյ հետաքրքրութիւնը, որ էջեր տրամադրեց տարբեր փակուղի մտած բանակցային գործընթացին շուրջ։
Եւրոպական եւ Ամերիկեան մամուլը հետազօտութիւններ կը հրատարակէ, ըստ որոնց երկիրը հետզհետէ աւելի կը մօտենայ առանց եւրոյի ապագայի մը։
Զանգուածային գործազրկութիւն, 50 առ հարիւրի շուրջ գնաճ, ապակառուցողական անկում եւ երկրէն մեկնող քաղաքացիներու հոսքը՝ մղձաւանջ ստեղծող կացութիւնը կը յատկանշեն։ Որոշ տնտեսագէտներ բացայայտ ձեւով կը զգուշացնեն թէ եւրօգօտիէն դուրս գալու պարագան շատ հաւանական է այլեւս Յունաստանի համար։
Եւրոպական շրջանակները կը պատրաստուին
...Սիրիզան ընդունելու համար
Քուլիսային ճնշումները կը խստանան Պրիւքսելի, Նիւ Եորքի եւ Պերլինի կողմէ, ուր Յունաստանի նախկին քաղաքական ուժերուն հետ ստորագրուած յուշագրի պայմաններու շուրջ ռազմավարութիւնը փոփոխութիւններու կ'նթարկուի, նկատի առնելով ձախակողմեան ուժերու հզօրացումը, որոնք խստօրէն դէմ դասուած են յուշագրի գործադրութեան:
Հանդուրժողութեան վերաբերեալ «պատգամները» եւ տնտեսական նոր ռազմավարութեան մշակման ուղղուած զարգացման ծրագիրները հետզհետէ կը բազմանան: Յունաստանի մէջ տիրող քաղաքական անկայութիւնը, այժմ կը գործէ որպէս լծակ՝ միջազգային ատեաններու մօտ եւս ճնշումները տեղափոխելու ուղղութեամբ:
Անկայունութիւնը կÿօգտագործուի նաեւ միջազգային շրջանակներուն կողմէ, որպէս ճնշիչ միջոց Գերմանիոյ հանդէպ, որպէսզի զիջումներ կատարէ Անկելա Մերքելը:
Ըստ վերջին տուեալներու եւ Եւրոպացի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններու, տարակարծութիւններ կան եւրոգօտիի երկիրներուն մօտ: Սեղմումներու քաղաքականութիւնը եւ անկէ բխող ընկերային անկայունութիւնը ստիպած են քաղաքականութիւն մշակող ուժերը՝ վերանայելու իրենց դիրքորոշումները: