Print
Category: Յունական լուրեր

Ջերմաչափը հասած է 38 աստիճանի Յունաստանի տարածքին, հակառակ ուժգին հովերուն որ Եգէականի մէջ կը հասնին 7 պոֆորի: Ըստ օդերեւութաբանական հաստատութեան փոխանցած տուեալներուն, ամբողջ շաբթուան ընթացքին տաք պիտի  ըլլայ օդը:

Հրդեհներու վտանգը շատ բարձր է.  զգուշութեան կոչ ուղղած են պատկան մարմինները: