Print
Category: Յունական լուրեր

Զատկուայ արձակուրդի նախօրեակին իրագործուող 48 ժամուայ գործադուլը, որ յայտարարած են նաւստիներու եւ ծովայիններու աշխատաւորական սենտիքաները, բուռն հակառակութեան մթնոլորտ ստեղծած է կառավարութեան եւ աշխատողներու շրջանակներուն միջեւ:


Աւագ Երեքշաբթի եւ Աւագ Չորեքշաբթի օրերուն համար նախատեսուած գործադուլին իրենց հակառակութիւնը արտայայտած են առողջապահական նախարար Անտրէաս Լովերտոս եւ զար-գացման ու ծովային հարցերու նախարար Աննա Տիամանտոփուլու, մինչ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպա- նութեան նախարար Միխալիս Խրիսոխոյիտիս կոչ ուղղեց աշխատաւորներուն՝ վերջ տալ գործադուլին:
Կառավարական շրջանակները ամբաստանեցին սենտիքաները, թէ փորձ կը կատարեն երկրի մէջ տիրող նախընտրական կլիման սրելու: