Print
Category: Յունական լուրեր

«ԼԱՕՍ» կուսակցութեան խորհրդարանական անդամ Իոանիս Քորանտիս, հարցում ուղղած է Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսին եւ արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Տիմասի, լրագրական տեղեկութիւնները վկայակոչելով, որոնց հիմամբ վերջերս բացայայտուած է Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ռազմական օժանդակութեան համաձայնագրի կնքման հարցը:


Խորհրդարանական Իոանիս Քորանտիս հարց կուտայ՝ եթէ իրականութեան կը համապատասխանէ այս տեղեկութիւնը, իսկ եթէ «այո»՝ որո՞ւ կը պատկանի նախաձեռնութիւնը: Ան հարց կուտայ նաեւ թէ Յունաստան ինչպիսի՞ օգտակարութիւն պիտի քաղէ նման համաձայնութենէ եւ եթէ հաշուի առնուած են տուեալ քայլի մը առընչութեամբ քաղաքական-դիւանագիտական հետեւանքները: