Print
Category: Յունական լուրեր

Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի ողջոյնները փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին, երկօրեայ այցելութեամբ Երեւան գտնուած Յունաստանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերու կոմիտէի պատուիրակութեան նախագահ Խրիսթոս Փոլիզողոփուլոս:

Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ համագործակցութեան հարցեր, ուր Յունաստանի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին  Հայաստանին աջակցելու՝ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագրի մը ստորագրման հարցի կապակցութեամբ:
Խրիսթոս Փոլիզողոփուլոս դիտել տուած է, որ Յունաստան եւ Հայաստան սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ ունին՝ հիմնուած պատմամշակութային ժառանգութեան վրայ: «Աշխարհի քաղաքական շրջանակներու ծիրէն ներս լաւապէս կը գիտակցին, որ Յունաստանը միշտ Հայաստանի կողքին է»,- ըսած է ան, ելոյթ ունենալով Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանէն ներս: Միջոցառումը կազմակերպուած էր Հայաստանի մէջ նշուող «Յունաստանի օրեր» ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Յունաստանի տնտեսական եւ ընկերային կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որու կազմէն ներս ներառնուած էին գլխաւոր քարտուղար Ափոսթոլոս Քսիռաֆիսը եւ արտաքին կապերու պատասխանատու Մարթա Թեոտորուն, Հայաստան գտնուեցաւ ՀՀ Հանրային խորհուրդի հրաւէրով:
Խրիսթոս Փոլիզողոփուլոս, խօսեցաւ Յունաստանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններու մասին, նշելով թէ խիստ տնտեսման քաղաքականութիւն կը վարուի, որ իր վատ անդրադարձը կ'ունենայ  ժողովուրդին վրայ: «Մենք վստահ ենք, որ պիտի կարողանանք յաղթահարել ճգնաժամը եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Եւրոպայի մէջ» ըսած է ան: