Print
Category: Յունական լուրեր

Յունաստանի պարտքի վերակառուցման հանգրուանը պաշտօնապէս սնանկացած  յայտարարուած է, ըստ Moody's վարկանշային գործակալութեան տուեալներուն: Ի տես այս իրավիճակին՝ ISDA որոշած է վճարել յունական պարտատոմսերու ռիսքի ապահովագրական գումարները:

Վերջնական որոշումներու եւ վաւերացումներու օր է այսօր՝ Յունաստանի եւ Eurogroup-ի համար: Պրիւքսել իրենց վախը յայտնած են, թէ մինչեւ ընտրութիւններ երկարող յառաջիկայ երկամսեակը պէտք է աչալրջութեամբ ընթանայ, ամբողջացնելու համար բոլոր բնագաւառներէն ներս որդեգրուած որոշումները:
Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը վաւերացուցած է 28 միլիառ եւրօ գումարի նոր վարկ մը, պարտատոմսերու փոխանակման ծրագրի (PSI) դրական աւարտի լոյսին տակ: Հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Քրիստին Լակարտ, յայտարարած է թէ նոր վարկի տրամադրման համար ինք առաջարկած է 28 միլիառ եւրօի գումարը, որ 5 միլիառով կը գերազանցէ նախապէս նկատի առնուած գումարը:
Եւրօգօտիի նախարարաց խորհուրդը այսօր հանդիպում կ'ունենայ Պրիւքսելի մէջ, ուր կը սպասուի Յունաստանի վարկի տրամադրման վերջնական որոշումի կայացումը: Քննարկումի առարկայ են վարկերու փոխանցման հանգրուանները: