Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ քուէարկուած տնտեսական ծրագրի անմիջական գործադրութեան պահանջքով, ինչպէս եւ ներդրումային ծրագրերու քաջալերական քայլերու շուրջ համաձայնութեամբ աւարտեցաւ երէկ Պերլինի մէջ կայացած Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Է.Վենիզէլոսի եւ գերմանացի իր պաշտօնակից Վ. Սոյպլէյի հանդիպումը: Նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներուն համաձայն՝ գերմանական ընկերութիւններու դերակատարութիւնը եւս քննարկուած է: