Print
Category: Յունական լուրեր

Մինչեւ 2012ի վերջաւորութիւնը կը նախատեսուի Յունաստանի հանրային 15.000 պաշտօնեաներու գործէ արձակումը, առանց որեւէ անհատական կամ աշխատանքային արժեւորումի:


«Թա Նէա» յունական թերթին համաձայն՝ նախարար Տիմիթրիս Ռեփաս յայտնած է, թէ առաջին հերթին, գործէ պիտի արձակուին անբաւարար գործունէութիւն ունեցող մարմիններու մէջ աշխատողները, ապա արժեւորումի հիման վրայ պիտի ընդարձակուի այս քայլը: Նախարարը յստակօրէն նշեց, թէ հանրային պաշտօնեաներու թիւի նուազումը անմիջականօրէն կապուած է հանրային դաշտի ամբողջական վերադասաւորումով: