Print
Category: Յունական լուրեր

Օդերեւութաբանական հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ ամբողջ շաբթու ընթացքին  ձմրան ամէնէն ցուրտ օդը եւ ցած ջերմաստիճանը պիտի տիրէ  Յունաստանի տարածքին։
Հինգ եւ եօթ Պոֆոր աստիճանի զօրաւոր հովը պատճառ դարձաւ, որ երէկ փակ մնան երկրի նաւահանգիստները։


Վտանգի ենթարկուեցաւ 104   ճամբորդ փոխադրող եւ Գավալայի Քերամոթիէն դէպի Թասոս կղզին ուղղուող նաւ մը, որ խրեցաւ աւազին մէջ: Փրկարարական աշխատանքներէ ետք  բոլոր ճամբորդները, ուրիշ նաւով, ապահով փոխադրուեցան նաւահանգիստ:   
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ յատուկ  հանգստավայրեր նկատի առնուած են անպատսպար եւ անտուն մարդոց համար։
Երէկ ուշ երեկոյեան, Փենտելիի մէջ, արգիլուեցաւ ինքնաշարժ- ներու շրջագայութիւնը:
Սառոյցի եւ աննպաստ ու ցուրտ օդի պատճառով՝ փակ պիտի մնան վարժարանները Քարփենիսիի եւ Էվիայի որոշ շրջաններէ ներս: