Պրիւքսելի մէջ այսօր կը հանդիպին Eurogroup-ի (Եւրոպական գօտիի) տնտեսութեան նախարարները, քննարկելու համար Յունաստանին տրուելիք տնտեսական օժանդակութեան հարցը, ինչպէս եւ պարտատոմսերու արժէքի սահմանափակման քայլը:
Eurogroup-ի հիմնական մտահոգութիւնը կը շարունակէ ըլլալ տնտեսական տագնապին դէմ «ապահովութեան վահան»ի մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նոյն պահուն, Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը եւ Գերմանիան ճնշում կը բանեցնեն անհատ պարտատէրերուն՝ 3%ի տոկոս ընդունելու յունական պարտատոմսերուն կապակցութեամբ:
Ժամկէտը սկսած է սեղմուիլ, նկատի առնելով թէ քննարկումները իրենց աւարտին պէտք է հասած ըլլան մինչեւ ամսուն վերջ, Յունուար 30ին կայանալիք Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի լոյսին տակ: