Print
Category: Յունական լուրեր

­altՅու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը խստա­գոյն ձե­ւով դժգո­հու­թիւն ար­տա­յայ­տած է, մեկ­նա­բա­նե­լով թրքա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած հա­ղոր­դում­նե­րը, թէ ­Քու­րա­նը պի­տի ըն­թեր­ցո­ւի ­Պոլ­սոյ Ա­յիա ­Սո­ֆիա­յի յու­նա­կան պատ­մա­

կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Ռա­մա­զա­նի ըն­թաց­քին (6 ­Յու­նի­սէն սկսեալ, մին­չեւ 5 ­Յու­լիս ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը)։

­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը «յե­տամ­նաց եւ ան­հասկ­նա­լի» բնո­րո­շած են այս ա­րար­քը դի­տել տա­լով, թէ «յար­գան­քի բա­ցա­կա­յու­թիւն է կրօ­նա­կան կո­թող­նե­րու հան­դէպ»։

TRTի կող­մէ նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րո­ւած լու­րին կա­պակ­ցու­թեամբ՝ քննա­դա­տա­կան կե­ցո­ւած­քով հան­դէս ե­կած է ընդ­դի­մա­դիր ­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւ­նը դի­տել տա­լով, թէ Ա­յիա ­Սո­ֆիա Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­ւեր­ժա­կան խորհր­դա­նիշ է, որ հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մէ։ Այս փաս­տը յար­գո­ւած է թրքա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք միայն թան­գա­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն վե­րա­պա­հած են ե­կե­ղեց­ւոյ։

Այ­սու­հան­դերձ, ­Քու­րա­նի ըն­թերց­ման նա­խա­տե­սու­մը փաս­տօ­րէն մզկի­թի պի­տի վե­րա­ծէ ե­կե­ղե­ցին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, 80 տա­րո­ւայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ ետք։