Երեք ամսուան ուշացումէ ետք, երէկ Երեքշաբթի գիշեր, Eurogroupի կողմէ վերջնական վաւերացում ստացաւ՝ 8 միլիառ եւրօի վարկի փոխանցումը Յունաստանին: Դեկտեմբերի առաջին 15օրեակին ընթացքին գումարը արդէն փոխանցուած պիտի ըլլայ պետական սնտուկին մէջ:
Ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւրօ դրամանիշը ցնցող իրերայաջորդ զարգացումներու շուքին տակ, յունական կողմը ջանքեր կը գործադրէ յաջորդ գումարը եւս ապահովելու նպատակով: Տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոս դիտել կուտայ, թէ Յունաստան կատարած է իր ստանձնած պարտականութիւնները, ազգային միասնութիւնը պահպանելով եւ քաղաքական կամք ցուցաբերելով:
24 ժամուայ գործադուլ
Վաղը Հինգշաբթի համահելլէնական գործադուլի դիմած են երկրի աշխատաւորական սենտիքաները, 2012ի նախահաշիւով նախատեսուած տնտեսական խիստ սեղմումներուն դէմ: