Print
Category: Յունական լուրեր

Նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը, ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ­Յու­շագ­րով ճշդո­ւած խիստ մի­ջոց­նե­րու որ­դեգ­րու­մը, հար­կա­յին նո­րա­նոր ճնշում­նե­րը եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­քին պայ­քա­րը՝ հիմ­նա­կան հար­ցերն են, որ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնո­ւին, ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քէն ան­ մի­ջա­պէս ետք։

Ե­րէկ ուշ գի­շե­րին յայ­տա­րարուե­ցաւ վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ յա­ռա­ջա­ցած կա­ռա­վա­րա­կան նոր կազ­մը։ ­Նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դը իր մէջ կը նե­րառ­նէ քա­ղա­քա­կան ծա­նօթ դէմ­քեր, բայց ա­նոնց կող­քին յա­ռաջ կը տարուին կա­ռու­ցուած­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­ներ, որ պի­տի ա­պա­հո­վեն ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ­Յու­շագ­րի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ու ա­րա­գըն­թաց կա­տա­րու­մը։

ՍԻՐԻԶԱ եւ ԱՆԵԼ կու­սակ­ցու­թեանց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մո­ւած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ցոյց կու­տայ թէ գեր-նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու ինք­նա­վա­րու­թեան դէմ սահ­մա­նա­փա­կում­ներ նկա­տի պի­տի առ­նո­ւին եւ ճիգ պի­տի տա­րո­ւի որ­պէս­զի լայն հա­մա­խո­հու­թիւն յա­ջո­ղուի։ ­Նոր կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի մեծ թիւ նա­խա­տե­սո­ւած է, ուր պաշ­տօ­նի կո­չո­ւած հին դէմ­քե­րը՝ թի­ւով ա­ւե­լի շատ են, քան նո­րե­րը։  Այ­սօր տե­ղի կ’ու­նե­նայ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, 14 նա­խա­րար­նե­րով, եր­կու պե­տա­կան նա­խա­րար­նե­րով եւ վար­չա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րով։ ­Հե­տապնդո­ւած թի­րա­խը՝ ա­րա­գըն­թաց բա­րե­փո­խում­նե­րը այն­պէս ինչ­պէս սահ­մա­նո­ւե­ցան վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի կող­մէ՝ տնտե­սու­թեան կա­յու­նաց­ման եւ դրա­մա­տու­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով։

­Յա­ռա­ջի­կայ ամ­սո­ւայ մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տի 5 մի­լիառ եւ­րո­յի ա­պա­հով­ման հա­մար խիստ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կել 2016ի ըն­թաց­քին, ա­պա օ­րի­նա­գի­ծե­րու շարք մը մշա­կել, 2017-2018ի հե­ռան­կա­րով։