Նոյեմբեր 17ի Բազմարուեստարանի յիշատակման օրուայ նախօրեակին՝
Բողոքի ցոյց կը կատարեն այսօր աշխատաւորական սենտիքաները
Բացայայտ հակառակութիւնները արդէն զգալի կը դառնան ՓԱՍՕՔ - Նոր Հանրապետութիւն - ԼԱՕՍ համակառավարական շրջագիծին դէմ: ՓԱՍՕՔի քաղաքական խորհուրդի ղեկավարող Տիմիթրիս Սաքելարիսի գլխաւորութեամբ՝ ՓԱՍՕՔի 101 քատրեր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, իրենց հակառակութիւնը յայտնելով «միացեալ» կառավարութեան դէմ եւ վստահութեան քուէին դէմ դասուելով:
Քատրերու մեծամասնութիւնը երիտասարդական շրջանակներէն է որ յառաջ եկած է: Անոնք խստօրէն կը քննադատեն երկու նախորդ տարիներու ընթացքին կիրառուած քաղաքականութիւնը, դիտել տալով թէ այդ չի համընկնիր կուսակցութեան ընկերվարական գաղափարական սկզբունքներուն, եւ երբեք չստացաւ ժողովրդային իրաւասութիւն:
Հետզհետէ վատթարացող տնտեսական վիճակ
Շուկայի մէջ վաճառականներու պարտքերը հետզհետէ կը դիզուին: 1.77 միլիառ եւրօի հասած են տարուայ սկիզբէն հրատարակուած պարտամուրհակները՝ 20%ով գերազանցելով նախորդ տարիներու պատկերը:
Նոյն պահուն գործազրկութեան ցուցանիշը կը բարձրանայ: Պատկան գրասենեակի կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Հոկտեմբերի մէջ գործազուրկներու թիւը հասած է 700.000ի: Անոնց մեծամասնութիւնը 30-54 տարեկան են (41.39%ը այրեր եւ 58.61% կիներ):
Բողոքի ցոյց
Այսօր առաւօտուն Աթէնքի կեդրոնական ճամբաները փակ մնացին, ՓԱՄԷ-ի եւ ԱՏԵՏԻ-ի աշխատաւորական սենտիքաներու բողոքի ցոյցին պատճառով: Ցուցարարները ուղղուեցան դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն, երկար ժամ փակ պահելով Աթէնքի կեդրոնը:
Ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր կը հսկեն նախարարութիւնները, պետական շէնքերը եւ համալսարանները՝ Նոյեմբեր 17ի Բազմարուեստարանի յիշատակման օրուան առիթով ծրագրուած ելոյթներու պատճառով: