Յունաստանի ժողովուրդը կանգնած է յաւելեալ ֆինանսական դժուարութիւններու առջեւ
Երեք շաբթուան պարտաւորիչ դադարէ ետք, այսօր Երկուշաբթի վերաբացուեցան Յունաստանի դրամատուները, հակառակ որ դրամագլուխի օգտագործման (capital control) չափանիշը կը շարունակէ սահմանափակ մնալ։Այսուհանդերձ, յոյս կայ որ շուտով պիտի ընդլայնուի ընտանեկան կամ գործարարական տնտեսութիւններու սպասարկումը, հետեւաբար զգալիօրէն դիւրացնելով շուկայի պայմանները։
Դրամատուներու բացումով կը պահուի օրական 60 եւրօ գումարի հայթայթումը, սակայն կարելի պիտի ըլլայ շաբաթական իմաստով ալ գումար վերցնել։Յունաստանի ժողովուրդը կանգնած է յաւելեալ ֆինանսական դժուարութիւններու առջեւ, որոնց կանոնաւորումը կամ դիւրացումը՝ յայտնի է թէ երկար տարիներ պիտի տեւէ։
Յունաստանի կառավարութեան տրամադրած տուեալներու հիմամբ՝ երկրի տնտեսութիւնը զգալիօրէն սահմանափակուած է 2008էն ետք։ Ընդհանուր առմամբ կը գնահատուի թէ շարունակուող անկումը 1950ական թուականներէն ետք ամէնէն բարձր չափանիշները արձանագրած է, յունական տնտեսութեան մօտ 1/4ը կրճատելով։
Այս կը նշանակէ թէ աշխատատեղերը կը սահմանափակուին, հետզհետէ աւելի դժուար դարձնելով լաւ պայմաններով աշխատանքի ապահովումը երկրի երիտասարդութեան համար, մինչդեռ ժողովուրդի 1/4ը գործազուրկ է։
Նկատելի է արդէն երկարաժամկէտ գործազրկութեան մակարդակի աճ, որ իր լուրջ տնտեսական-ընկերային-հոգեբանական հետեւանքները կ’ունենայ մարդոց վրայ։
Հարկային խստացուած պայմաններ
Այսօր Երկուշաբթի գործադրութեան կը դրուի Ֆ.Փ.Ա.ի հարկային ծանրաբեռնումը, զանազան ապրանքներու գիներուն վրայ։
Նոր սակագիները ծանրօրէն պիտի ազդեն ընտանեկան տնտեսութիւններուն վրայ, քանի որ յառաջիկայ օրերուն յայտնի պիտի դառնայ հասարակական փոխադրութեան, սնունդի, հիմնական կարիքի տասնեակ տեսակներու գիները բարձրացումը։
Կը գնահատուի թէ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ Ֆ.Փ.Ա.ի յաւելումը 10 առ հարիւրով պիտի ծանրաբեռէ ընտանեկան ծախսերը։
Յունաստանի
կառավարութեան վերակազմութիւն
Անցեալ շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Յունաստանի կառավարական կազմի փոփոխութեամբ, որ յառաջացաւ նախարարներու հրաժարականներէ եւ Սիրիզայի խորհրդարանական մեծամասնութեան երեսփոխաններու հակառակ դիրքորոշումներէն։ Յունաստանի խորհրդարանը անցեալ շաբթու ընթացքին կայացած բուռն քննարկումներէ ետք, հակառակ որ վաւերացուց բարեփոխումներու մասին օրինագիծը, խոցուած դուրս եկաւ ներկայացուած իրավիճակէն։ Օրինագիծին թեր քուէարկեցին խորհըրդարանի 300 երեսփոխաններէն 229ը, դէմ էին 64, որոնցմէ 30ը Սիրիզայի անդամներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հարց կը ծագէր կառավարութեան համար։
Այս եղելութեան լոյսին տակ, շուտով յառաջ եկաւ կառավարութեան վերակազմութեան պարագան։ Նոր նախարարները ստանձնեցին իրենց պաշտօնները, շեշտելով թէ խիստ աշխատանք եւ հսկայական ճիգ հարկաւոր է, յաղթահարելու համար ներկայ կացութիւնները։