Print
Category: Յունական լուրեր

­­Յու­նաս­տան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան փու­լին գտնո­ւե­ցաւ, ե­րէկ Եր­կու­շաբ­թի օր յայ­տա­րա­րո­ւած ­­Հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ տուած իր հա­մամ­տու­թեամբ։
Եւ­րո­պա­կան ­­Միու­թեան եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­­Յու­շա­գի­րը, որ ե­րեք տա­րո­ւայ պայ­մա­նա­ժա­մով պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի։ Այս ծի­րէն ներս, Եւ­րո­պա­կան կա­յու­նու­թեան մե­քա­նիզ­մի կող­մէ ­­Յու­նաս­տան պի­տի ստա­նայ 86 մի­լիառ եւ­րօ։ ­­Յա­ւե­լեալ 35 մի­լիառ եւ­րօ գու­մար պի­տի տրա­մադ­րո­ւի զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րու։
Պէտք է նշել, թէ պարտ­քի ա­նո­ւա­նա­կան ար­ժէ­քի վե­րար­ժե­ւոր­ման գծով՝ Եւ­րո­գօ­տին ո­րե­ւէ նո­ւա­զում չի նա­խա­տե­սեր, կողմ­նա­կից է սա­կայն մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու զգա­լի ծրագ­րի մը պատ­րաս­տու­թեան, որ յու­նա­կան պարտ­քի կա­յու­նու­թեան վե­րա­բե­րող ճի­գին պի­տի ա­ջակ­ցի եւ կրնայ հանգ­րո­ւա­նա­բար նո­ւա­զեց­նել ծախ­սե­րը։
Յու­շա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի 50 մի­լիառ եւ­րօ ար­ժէ­քով գոյ­քի ար­ժե­ւոր­ման հիմ­նադ­րա­մի ստեղ­ծու­մը, ո­րու գրա­սե­նեա­կը ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ պի­տի ըլ­լայ։ Այս գոյ­քե­րու ար­ժե­ւոր­ման հի­մամբ կա­յա­ցած գու­մար­նե­րէն՝ 25 մի­լիա­ռը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի դրա­մա­տու­նե­րը ու­ժե­ղաց­նե­լու հա­մար, 12,5 մի­լիա­ռը պարտ­քին պի­տի սպա­սար­կէ, իսկ 12,5 մի­լիա­ռը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ներդ­րում­նե­րու։
Վեր­ջին պայ­մա­նը որ նա­խա­տե­սո­ւած է յու­շագ­րին մէջ, ե­րեք վար­կա­տու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնն ու վե­րահս­կո­ղու­թիւնն է Ա­թէն­քի մէջ։

Ըն­կե­րա­յին-հար­կա­յին ծանր պայ­ման­նե­րով յատ­կան­շո­ւած Հա­մա­ձայ­նա­գիր

­Յու­նաս­տա­նի ըն­կե­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ յաղ­թա­հա­րել հե­տե­ւո­ղա­կան ցնցում­նե­րը, ո­րոնց են­թար­կո­ւե­ցաւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին ըն­թաց­քին։ ­­Հա­կա­ռակ վար­չա­պե­տի տո­ւած հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րուն, թէ ճիգ պի­տի տա­րո­ւի վե­րա­կանգ­նե­լու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը, ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին չա­փա­զանց դժո­ւար կը թո­ւի ըլ­լալ քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցում­նե­րու կա­ռա­վա­րու­մը։ Ար­դէն ծրագ­րո­ւած եւ հրա­մա­յա­կան դար­ձած է կա­ռա­վա­րու­թեան վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը, հրա­ժա­րա­կան­նե­րու կամ նոր նշա­նա­կում­նե­րու լոյ­սին տակ։ ­­Նոր կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը իր մէջ պի­տի բե­րէ շատ ա­ւե­լի մաս­նա­գի­տա­ցած հա­մա­կար­գի ծա­ռա­յող մար­դոց, եւ­րո­պա­ցի­նե­րու պա­հանջ­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ ­­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փո­փո­խու­թիւն­ներ կը սպա­սո­ւին տնտե­սա­կան նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մին մէջ, բա­րե­փո­խում­ներ կա­տա­րե­լու եւ պատ­շաճ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լու հա­մար։