
Երէկ երեկոյեան Պրիւքսելի մէջ կայացաւ Յունաստանի վարչապետի, Ֆրանսայի նախագահի, Գերմանիոյ վարչապետի եւ Քոմիսիոնի ղեկավարի քառակողմ առանձին հանդիպումը, ուր քննարկումի դրուեցաւ «ճանապարհային քարտես»ի մը արդիւնաւէտութիւնը։ Յունաստանի կառավարութիւնը non-paper-ի միջոցաւ յայտնեց թէ այսօր Չորեքշաբթի օր «ընդհանուր եզրեր» պարբակող եւ կայուն համաձայնութեան մը յանգեցնող առաջարկներ պիտի ներկայացնէ, հաշուի առնելով երեք հիմնական նախադրեալներ՝ հանրաքուէի արդիւնքը, երկրի քաղաքական ուժերու ղեկավարներու ընդհանուր դիրքորոշումները եւ վարկատուներու առաջարկութիւնները։
Նոյն պահուն, Յունասանի համար «կամուրջ ծրագիր» մը իրականացնելու պահանջքով ձայները կը բազմանան, որպէսզի կարելի ըլլայ կարճաժամկէտ ֆինանսաւորում ապահովուի երկրին համար եւ առժամաբար բաւարարուին տնտեսութեան բազմակողմ կարիքները, որ օրէ - օր կը խորանան։
Յունաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ ժամանակ շահիլ, խնդրելով 7-10 միլիառ եւրոյի ֆինանսական շունչ, մինչեւ վերջնական Համաձայնագրին կայացումը։
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոգօտիի տնտեսութեան նախարարներու հանդիպումը, ուր մասնակցեցաւ Յունաստանի նորանշանակ նախարար Էֆքլիտիս Ցաքալոթոս, դրական տպաւորութիւններ ձգելով. այնումենայնիւ, եւրոպացի գործընկերներու տպաւորութիւնները չեն փոխուած՝ բանակցութիւններու նիւթին կապակցութեամբ։ Անոնք կարծրացուցած են իրենց դիրքերը եւ յստակօրէն նոր ծրագիր մը կը պահանջեն վարչապետ Ցիփրասի կողմէ։
Այսօր դարձեալ եւրոգօտիի նախարարներու հեռաձայնային հանդիպում նախատեսուած է, ուր պիտի ներկայացուին յունական թեզերը, մինչ կը գնահատուի թէ նոր գագաթնաժողով կրնայ գումարուիլ դարձեալ այս շաբաթավերջին։
Տուեալ մթնոլորտին մէջ՝ Քոմիսիոն, Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատուն եւ Արժոյթի Միջազգային Ֆոնտը պիտի գնահատեն ու վերլուծեն երկրի ֆինանսական կարիքները եւ յունական պարտքի կենսունակութեան աստիճանը։«Բոլոր այս բաները պէտք է արագօրէն կատարուին, որովհետեւ շատ կարճ ժամանակ կայ մեր առջեւ» դիտել տուած է Eurogroup -ի նախագահ Երուն Տայսելպլում։
Տնտեսագէտներու նամակը
Հռչակաւոր տնտեսագէտներ հրապարակային նամակ մը ուղարկած են Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին, պահանջելով «Յունաստանի դէմ վերափոխուած վերաբերմունք եւ դաժան կեցուածքի վերանայում», դիտել տալով թէ Յունաստանէն պահանջուած պայմանները «փամփուշտ մըն են, ուղղուած՝ մարդոց գլխին, որ պիտի սպաննէ Յունաստանը, բայց նաեւ եւրոգօտին»։ Նամակը հրատարակուած է եւրոպական բազմաթիւ թերթերու մէջ, ինչպէս գերմանական Tagesspiegel, ֆրանսական Le Monde, բրիտնական Guardian, եւայլն։
Տնտեսագէտները կը նշեն, թէ պատգամը յստակօրէն ուղղուած է վարչապետ Անկելա Մերքելին, եւ զինք կը հրաւիրեն հանդէս գալու, որպէս իսկական ղեկավար, որ Եւրոպան յոյսի, ժողովրդավարութեան եւ բարգաւաճման փարոս պիտի դարձնէ, նշանակալի ազդեցութիւն բերելով ամբողջ աշխարհին վրայ։