
Երկրէն ներս դրամատուները կը շարունակեն փակ ըլլալ մինչեւ Չորեքշաբթի օր, օրական միայն 60 եւրոյի հնարաւորութիւնը տալով քաղաքացիներուն։
Հինգշաբթի օրէն ետք ի զօրու պիտի դառնայ օրէնսդրական նախատեսումը, որ պիտի յստակացնէ թէ ինչպէ՞ս պիտի իրագործուին դրամատնային ծառայութիւնները։
Արժոյթի Միջազգային Ֆոնտի հանդէպ սնանկացած պայմաններով, փակ դրամատուներով, դրամագլուխներու վերահսկողութեամբ եւ երկրի տնտեսութիւնն ու ընկերութիւնը խեղդած տնտեսական խիստ պայմաններով՝ Յունաստանի տնտեսութեան համար վճռորոշ կը դառնան հետագայ ժամերը։
Քաղաքական ուժերու ղեկավարներու միացեալ կեցուածք
Քաղաքական ուժերու ղեկավարներու եօթ ժամուայ հանդիպում մը իրագործուեցաւ երէկ, որու աւարտին միասնաբար համաձայնուած առաջարկ մը կազմուեցաւ՝ Սիրիզա, ԱՆԵԼ, ՓԱՍՕՔ, Նոր Հանրապետութիւն, Փոթամի ուժերու ղեկավարներու ստորագրութեամբ։ Միացեալ առաջարկէն ինքզինք դուրս պահեց համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը։ Համատեղ պատրաստուած առաջարկը յստակօրէն կը դրսեւորէ կողմերու կամքը՝ մնալ եւրոգօտիի շրջագծէն ներս։
Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ինչպէս եւ հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս՝ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին հետ։ Ցիփրաս զրուցեց նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին եւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան ղեկավար Մարիօ Տրակիի հետ։ Ինչպէս համաձայնուած է արդէն, Յունաստանի վարչապետը այսօր երեկոյեան կայանալիք գագաթնաժողովին ընթացքին, պիտի ներկայացնէ Յունաստանի առաջարկները։
Երէկ գիշեր Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու հանդիպումը, Եւրոպական կեդրոնական դրամատան որոշման լոյսին տակ, ըստ որու անփոփոխ կը մնայ դեռ դրամատնային համակարգի պարագան։
Նախագահ Հոլանտ եւ վարչապետ Մերքել նշեցին թէ գագաթնաժողովը պիտի քննէ յունական առաջարկները, ընգծելով թէ ժամանակը շատ սեղմ է։ «Եւրոպան տնտեսական կառոյց մը չէ միայն, այլ հիմնուած է արժէքներու վրայ. կայ համերաշխութեան եւ պատասխանատւութեան զգացում» դիտել տուած է Հոլանտը։
Անկելա Մերքել իր կարգին շեշտեց թէ «Կ’ընդունինք ժողովըրդավարական երկրի մը հանրաքուէի արդիւնքը։ Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէս կը դիտեն այս արդիւնքը Եւրոգօտիի մնացեալ 18 երկիրները։
Բանակցութիւններու դուռը բաց կը շարունակէ մնալ, այդ պատճառով ալ հրաւիրուած է գագաթնաժողովը։ Ժամանակը սեղմ է եւ կþուզենք առաջարկը սեղանի վրայ տեսնել այս շաբթուն ընթացքին, որպէսզի յաջողինք լուծում տալ։
Յունաստանի տնտեսութեան նոր նախարարի նշանակում
Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Եանիս Վարուֆաքիսի հրաժարականէն ետք, երէկ երեկոյեան իր պաշտօնը ստանձնեց Էֆքլիտիս Ցաքալոթոս, քաղաքական երդում կատարելով հանրապետութեան նախագահին առջեւ։
Փոխադարձ յարգանքի եւ յուզումի մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նոր նախարարի պաշտօնի ստանձնումը, ուր Եանիս Վարուֆաքիս լաւագոյն խօսքերով արտայայտուեցաւ զինք փոխարինող Ցաքալոթոսի մասին։ Ան յայտարարեց թէ տնտեսութեան նախարարութեան գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլայ կասեցնել հարկերէն խուսափումի պարագաները եւ բանակցային լաւ գործընթաց ապահովել Յունաստանի համար։