­Կր­քոտ ու ծան­րօ­րէն ճնշուած շա­բա­թէ մը ետք, ե­րէկ Կի­րա­կի 5 Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, իր ա­ւար­տին հա­սաւ Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած հան­րա­քո­ւէն, ո­րուն մի­ջո­ցաւ յոյն ժո­ղո­վուր­դը իր կամ­քը ար­տա­ յայ­տեց՝ «ոչ» ը­սե­լով ու մեր­ժե­լով վար­կա­տու­նե­րու կող­մէ նա­խա­պէս ա­ռա­ջադ­րուած Հա­մա­ձայ­նագ­րի պայ­ման­նե­րը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ, հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնքն էր՝ 61,31% «ոչ», 38,69% «ա­յո», 5,8 «չե­ղեալ»։

Քո­ւէա­տու­փե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը կը սպա­սո­ւէր մեծ անձ­կու­թեամբ, քա­նի որ այս հան­րա­քո­ւէն երկ­րի յետ-պա­տե­րազ­մեան պատ­մու­թեան մէջ ա­մէ­նէն վճռո­րոշ պայ­ման­նե­րու տակ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ։ Կա­ռա­վա­րու­թեան խօս­նա­կը յայ­տա­րա­րեց, թէ Եւ­րո­պա­յին ու­ղար­կո­ւած պատ­գա­մը յոյ­սի եւ ար­ժա­նա­պատո­ւու­թեան խօսք էր, Եւ­րո­պա­յի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար։

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Վու­ցիս յայտ­նեց, թէ ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը 65 առ հա­րիւր էր։ Ընդ­հան­րա­պէս հան­րա­քո­ւէի ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ։ Նա­խա­րա­րը յայտ­նեց կա­ռա­վա­րու­թեան գո­հու­նա­կու­թիւ­նը հան­րա­քո­ւէի կա­յաց­ման նկա­տմամբ՝ նշե­լով, թէ «պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան գե­րա­գոյն զգա­ցու­մով, հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ու երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­ցինք ու կազ­մա­կեր­պե­ցինք այս հան­րա­քո­ւէն»։ Ան շեշ­տեց, թէ ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան վար­քի յստակ ար­տա­յայ­տու­թիւն էր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ցուցա­նի­շը, որ բացայայտ դար­ձուց ժո­ղովր­դա­յին վճռա­կա­մու­թեան փաստը։

Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս կը վե­րա­դառ­նայ Պ­րիւք­սէլ, քննար­կե­լու հա­մար Հա­մա­ձայ­նագ­րի բա­րե­լա­ւո­ւած տար­բե­րակ մը, մինչ դրա­մա­տու­նե­րուն հա­մար սեղ­մո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Ներ­կայ փու­լին, բո­լոր կող­մե­րուն կող­մէ ճնշու­մը սրած է Մա­րիօ Տ­րա­կիին հան­դէպ, որ­պէս­զի ֆի­նան­սա­կան հա­մա­կար­գը աս­տի­ճա­նա­բար բնա­կա­նոն դառ­նայ։ Ինչ­պէս կը գնա­հա­տո­ւի, սա­կայն այս վե­րա­կանգ­նու­մը հանգ­րո­ւա­նա­յին պի­տի ըլ­լայ՝ դրա­մագ­լուխ­նե­րու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րով եւ այլ մի­ջոց­նե­րով։ Ի­րե­րա­յա­ջորդ հան­դի­պում­նե­րու շար­քը ար­դէն սկիզբ ա­ռաւ ե­րէկ գի­շե­րո­ւը­նէ Յու­նաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Գեր­մա­նա­կան «­Պիլտ»ը եւ բրի­տա­նա­կան «­Կար­տիան» կը հա­ղոր­դեն, թէ եւ­րո­պա­ցի դրա­մա­տէ­րե­րը եր­կար գի­շեր մը ու­նե­ցան՝ քննար­կե­լով յու­նա­կան հան­րա­քո­ւէի ար­դիւն­քին անդրադարձ­նե­րը, յստա­կաց­նե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ ի­րենց քայ­լե­րը։

­­Նա­խորդ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ծայր աս­տի­ճան ճնշիչ ե­ղած էր եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նա­կա­տար­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւ­նը։ Այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին կը կա­յա­նայ խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հան­դի­պու­մը, միա­ցեալ եւ հա­մա­խոր­հուրդ կե­ցո­ւած­քի որ­պէս դրսե­ւո­րում։ Ե­րէկ ուշ գի­շե­րին, ­Թո­ւի­թը­րի մի­ջո­ցաւ, իր հրա­ժա­րա­կա­նը յայ­տա­րա­րեց տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Եա­նիս ­Վա­րու­ֆա­քիս։

Օ­տար մամ­լոյ 540 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ա­թէն­քի մէջ

Յու­նաս­տա­նի վրայ կեդ­րո­նա­ցած էր հա­մայն աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը՝ եւ հե­տաքրքրու­թեամբ կը սպա­սո­ւէր հան­րա­քուէի ար­դիւն­քը։ Յատ­կան­շա­կան է, որ Ա­թէն­քէն ուղ­ղա­կի հա­ղոր­դում­ներ կը կա­տա­րէին 540 օ­տար մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­կան կա­յան­նե­րու, ռա­տիո­կա­յան­նե­րու եւ թեր­թե­րու կող­մէ։ Ա­նոնք Ա­թէն­քէն եւ կեդ­րո­նա­կան այլ քա­ղաք­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ կղզի­նե­րէն կը կա­տա­րէին ի­րենց հա­ղոր­դում­նե­րը, ճամ­բա­նե­րուն վրայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կար­ծի­քը հարց­նե­լով, հար­ցազրոյց­ներ կա­տա­րե­լով եւ տնտե­սա­կան լուրջ հար­ցե­րուն վրայ լոյս սփռե­լով։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր կը ներ­կա­յաց­նէին նաեւ ի­րենց եր­կիր­նե­րու մէջ ժո­ղո­վուր­դին մօտ կա­տա­րո­ւած հար­ցազ­րոյց­ներ, ո­րոնք զօ­րակ­ցա­կան պատ­գամ­ներ կ­’ուղ­ղէին Յու­նաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի­ն։