
ԷՏԷՔի խորհրդարանական բանբեր Եորղոս Վարնավա յայտնեց, թէ կուսակցութիւնը Խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց զօրակցական բանաձեւ, ուղղուած յոյն ժողովուրդին։ ԷՏԷՔը, ըսաւ պարոն Վարնավա, կոչ կ’ուղղէ Եւրոմիութեան հաստատութիւններուն, որ յարգեն յոյն ժողովուրդի գերիշխանութիւնը։ Բնապահպաններու նախագահ Եորղոս Պերտիկիս յայտնեց, թէ նամակ յղած է նախագահ Անաստասիատիսի՝ պահանջելով կուսակցութիւններու ղեկավարներու հանդիպում, որպէսզի ուսումնասիրուին Կիպրոսի հանդէպ Յունաստանի դէպքերու պատճառած քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքները։ Քաղաքացիներու Դաշինքի նախագահ Եորղոս Լիլլիքաս շեշտեց, թէ կ’ուզենք, որ Յունաստան մնայ Եւրոգօտիի եւ Եւրոպական Միութեան շրջագիծէն ներս։ Միաժամանակ, կը փափաքինք ունենալ Միութիւն մը, որ կը յարգէ ժողովուրդները եւ գործնական կերպով կ’ապացուցէ իր զօրակցութիւնը այն երկիրներուն հանդէպ, որոնք խնդիրներ կը դիմագրաւեն։