­Յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի օ­րուան յե­տաձ­գո­ւած են ­Յու­նաս­տա­նի եւ վար­կա­տու­նե­րու մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցում­նե­րը, վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի հրա­պա­րա­կա­յին յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք։

­Կի­րա­կի 5 ­Յու­լի­սի հան­րաքուէի կա­յաց­ման վրայ պնդե­լով, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս, յոյն ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղե­լով իր խօս­քը, հրա­պա­րա­կա­յին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց՝ մեր­ժե­լով վար­կա­տու­նե­րու պայ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը ան­մի­ջա­պէս վերսկ­սի, հան­րա­քո­ւէի մի­ջո­ցաւ ար­տա­յայ­տո­ւած ժո­ղովր­դա­յին կամ­քին հի­մամբ։

­Վար­չա­պետ ­Ցիփ­րաս յստա­կօ­րէն նշեց, թէ «անձ­նա­պէս կը ստանձ­նեմ պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ լուծ­ման յան­գե­լու ուղ­ղու­թեամբ»։

Ան հաս­տա­տեց, թէ վար­կա­տու­նե­րը վերջ­նա­գիր յղած են յու­նա­կան կող­մին, ­Յու­շագ­րի ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րու գործ­նա­կա­նա­ցու­մը պա­հան­ջե­լով, մինչ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէր իր պայ­քա­րը աշ­խա­տա­վարձ­քեր եւ կեն­սա­թո­շակ­ներ պատ­շաճ մա­կար­դա­կի վրայ պահ­պա­նե­լու հա­մար։

­Վար­չա­պե­տը վստա­հե­ցուց, թէ «մենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ պի­տի մնանք մին­չեւ վերջ։ Եր­կու­շաբ­թի օր, հան­րա­քո­ւէի վճռած ո­րոշ­մամբ՝ դար­ձեալ պի­տի շա­րու­նա­կենք բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը», ընդգ­ծե­լով թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը ջա­նայ լու­ծում ա­պա­հո­վել, կա­յու­նու­թեան եւ հե­ռան­կա­րա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ։

Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս «սու­տեր» որակեց՝ հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնք­նե­րը դրա­մա­նի­շի փո­փո­խու­թեան հետ կա­պող խօս­քե­րը՝ մե­ղադ­րե­լով երկ­րի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գի մնա­ցեալ ու­ժե­րը, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը քայ­քա­յել կը փոր­ձեն այս­պի­սի մօ­տե­ցում­ներ յա­ռաջ քշե­լով։

­Ժա­մա­նա­կի դէմ պայ­քար

­Ժա­մա­նա­կի դէմ պայ­քար կը մղեն ­Յու­նաս­տա­նի դրա­մա­տու­նե­րը, ուր ա­մէն օր կը նո­ւա­զի գու­մար­նե­րու քա­նա­կը։ ATM մե­քե­նա­նե­րէն ա­մէ­նօ­րեայ հոս­քը խստօ­րէն ճնշիչ պայ­ման­ներ ստեղ­ծած է դրա­մա­տու­նե­րուն, ժո­ղո­վուր­դին եւ շու­կա­յին հա­մար։ ­Տե­սա­նե­լի սկսած են դառ­նալ յու­նա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան վրայ ի­րա­վի­ճա­կի բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։ ­Ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը մե­ծա­պէս ան­կում կրած է, իսկ ար­տա­սահ­մա­նէն վճա­րում­նե­րը լուրջ խնդիր­նե­րու կը բա­խին։ ­Յատ­կան­շա­կան է Ա­մե­րի­կեան զբօ­սաշր­ջա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րու պա­րա­գան, որ ամ­բողջ երկ­րի տա­րած­քին գտնո­ւող հիւ­րա­նոց­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, թէ դրա­մա­կան փո­խան­ցում­ներ պի­տի չկա­տա­րեն, նա­խորդ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու կե­ցու­թեան վճար­ման հա­մար, նա­խընտ­րե­լով յե­տաձ­գել վճա­րու­մը, մին­չեւ տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կի կա­նո­նա­ւո­րու­մը։ ­Բո­լոր այս զար­գա­ցում­նե­րը բնո­րոշ են տիրող ան­հանգս­տու­թեան կլի­մա­յին։

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահը. «Ազ­գա­յին միակ ու­ղի՝ ­Յու­նաս­տա­նի Եւ­րո­պա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը»

­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս, խիստ պատ­գամ ու­ղար­կե­լով, շեշ­տեց Եւ­րո­պա­յի հա­մա­կար­գին մէջ մնա­լու ազ­գա­յին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ «­Հան­րա­քո­ւէն պէտք է ծա­ռա­յէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ոչ թէ խան­գա­րէ երկ­րի միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ­րո­պան միակ ու­ղին է, ազ­գա­յին-տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով, բայց նաեւ անվ­տան­գու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով», շեշ­տեց նա­խա­գա­հը։