Հինգ ամսուան շարունակական քննարկումներէ եւ համաձայնութեան մը յանգած չըլլալու իրականութենէն ետք, Յունաստանի համար ամէնէն լուրջ եւ ճակատագրական օրը հանդիսացաւ Յունիս 30 թուականը, երբ իր
աւարտին հասաւ վարկի վճարման ժամկէտը։
Յունաստան իր վարկի վճարման երկարաձգման առաջարկ ներկայացուց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին, պայմանաժամի աւարտէն ետք։ Ֆոնտի նախագահ Քրիսթին Լակարտ անյապաղ տեղեկացուց խորհուրդի անդամներուն՝ Յունաստանի ունեցած ընթացքին մասին, նկատել տալով, թէ զարգացած երկիրներու պատմութեան մէջ այս առաջին պարագան է, որ կը դիմագրաւուի։
Ֆոնտի միջազգային կապերու բաժնի տնօրէն Ճերի Ռայս իր կարգին յայտնեց, թէ Յունաստան կը գտնուի վճարման յետաձգման գործընթացի մէջ եւ նոր ֆինանսաւորում կրնայ ստանալ՝ միայն իր պարտաւորութիւնները կատարելէ ետք։ Մինչ այդ, նշելի է, թէ Յունաստան նոր առաջարկ ներկայացուցած է՝ խնդրելով պայմանաժամի երկարաձգումը։ Պրն. Ռայս հաստատած է տեղեկութիւնները՝ դիտել տալով, թէ 30 Յունիսի վերջին վայրկեանին ստացուած է Յունաստանի իշխանութեանց դիմումը, որը պիտի քննարկուի Գործադիր Խորհուրդին կողմէ, ժամանակի ընթացքին։
Վերլուծաբանները նախատեսած էին այս զարգացումները, յատկապէս Կիրակի՝ 5 Յուլիսին յայտարարուած հանրաքուէի լոյսին տակ, երբ երկրի քաղաքացիները կոչուած են իրենց համաձայնութիւնը կամ հակառակութիւնը յայտնելու՝ վարկատուներու պահանջած պայմաններով ճշդուած պարտքի վճարման ծրագրին ուղղութեամբ։
Հելլէն եւ միջազգային մամուլը վերջին շաբաթներու ընթացքին լուսարձակի տակ առած են Յունաստանի վարկային ծրագրի բոլոր մանրամասնութիւնները եւ ճակատագրական զարգացումները, որ յաջորդական ցնցումներու եւ անձկութեան դէմ յանդիման բերած են ժողովուրդը։ Դրամատուներու փակումը եւ օրական միայն 60 եւրօ գումարի տրամադրումը ATM մեքենաներու միջոցաւ, լուրջ եւ անմիջական հետեւանքներ յառաջացուցած են ժողովուրդին եւ շուկային վրայ։
Միլիոնաւոր թոշակառուներ փակ դրամատուներուն առջեւ հերթի կանգնած՝ կը սպասեն իրենց ամսական թոշակները ստանալու համար։ Յունաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ երկրի հինգ մեծագոյն վարկային հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, Յունաստանի Դրամատան ղեկավարութեան հետ միասին, երէկ որոշում կայացուցին այն թոշակառուներուն համար, որոնք ATM մեքենաներէն օգտուելու հնարաւորութիւն չունին, որոշելով 1000 դրամատնային մասնաճիւղերու բացումը ամբողջ երկրի տարածքին, որոնց միջոցաւ մարդիկ կրնան 120 եւրօ գումար ստանալ, այս շաբթուան ընթացքին։
Յունիս 30ի կէսօրին Eurogroupի սեղանին վրայ յունական նոր առաջարկ ներկայացուեցաւ, բաղկացած վեց կէտերէ։ Եւրոպացի գործընկերներու ճնշումները կը շարունակեն սեղմել Յունաստանը, մինչ երկիրը կենսունակ լուծումի մը յանգելու անմիջական հրամայականին առջեւ կը գտնուի։
Պարաք Օպամայի յայտարարութիւնը
Յունաստանը դժուար պահեր անցուցած է։ Պէտք է անպայմանօրէն ճանապարհը գտնել, երկրի զարգացումը ապահովելու եւ Եւրոգօտիին մէջ կեցութիւնը ապահովելու համար»,¬ ըսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա՝ նշելով, թէ Ա.Մ.Ն. պատրաստ է դիմագրաւելու զարգացումները։
Ան յատկապէս մտահոգիչ բնորոշած է Յունական հարցը՝ աւելցնելով, թէ ինք խրախուսած է թէ՛ Աթէնքը, թէ՛ վարկատուներու խմբակը, որպէսզի յաջող բանակցութիւններով առաջնորդուին, դիտել տալով թէ Յունական ճգնաժամը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ Եւրոպայի աճին եւ, հետեւաբար, համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։