Print
Category: Յունական լուրեր

Տնտեսական  «սեղմումներ»ը  պիտի  շարունակուին

Յոյն քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կը գնահատէ նորանշանակ վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի նշանակումը այս պաշտօնին։ Ինչպէս կը յայտնէ երէկուայ «Թօ Վիմա» օրաթերթը, հարցախոյզի որպէս արդիւնք՝ քաղաքացիներու 72,9 առ հարիւրը դրական կը տեսնէ նոր վարչապետի ընտրութիւնը եւ «աւելի ապահով» կը զգայ ապագային համար։ Մնացեալ թերթերուն կողմէ հրապարակուող այլ յօդուածներ եւս բարձր ցուցանիշ կուտան նոր վարչապետին:


Նոյն պահուն, Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկա-վար Անտոնիս Սամարաս, անգամ մը եւս յստակացուց թէ փոփոխութիւններ կատարելու իրաւունքը կը վերապահէ իր կուսակցութիւնը, առանց մերժելու քուէարկուած գործընթացը։  Ան դիտել տուաւ թէ շատ յստակ է ընտրութիւններու թուականը՝ 19 Փետրուար, աւելցնելով թէ սխալի մէջ կը գտնուին բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան թէ համախոհական այս կառավարութիւնը կրնայ որեւէ ձեւով ամիսներով երկարաձգել իր պաշտօնավարութեան շրջանը։
Այսօր Երկուշաբթի երեկոյեան պիտի սկսի հելլէն խորհրդարանի եռօրեայ նիստերու գումարումը, որ պիտի աւարտի նոր կառավարութեան հանդէպ վստահութեան քուէի անուանական քուէարկութեամբ։ Հետաքրքրութեամբ կը սպասուի նորանշանակ վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի ելոյթը, որու ընթացքին ան պիտի ներկայացնէ գործունէութեան ծրագիրը։
Ըստ յունական մամուլի հաղորդումներուն, տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղուած նոր օրինագիծին, որ մինչեւ գարուն պէտք է սկսած ըլլայ իրագործուիլ, պիտի ներառնուին ամսականներու կրճատումներ, ապահովագրական բոլորովին նոր համակարգ, հարկային խստացուած դրութիւն, սեփականաշնորհումներ՝ թիրախ ունենալով ապահովել 35 միլիառ եւրօի գումար՝ մինչեւ 2014ի աւարտը, եւ 50 միլիառ տոլար՝ 2015ին:
Տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոս մարաթոնային ժողովներու մէջ է, պետական նախահաշիւը կազմելու նպատակով: Նախահաշիւը, որ քննարկման նիւթ պիտի դառնայ եւրոպական վերահսկողութեան մարմնոյ հետ, խորհրդարան պիտի ներկայացուի մէկ շաբաթէն:
Իտալացիները կը տօնեն
Պերլուսքոնիի հրաժարումը եւ նոր վարչապետ կը նշանակեն
Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի Շաբաթ օր իր հրաժարականը ներկայացուց։
Ըստ միջազգային մամուլի հաղորդումներուն, Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ ընդունած է հրաժարականը եւ նոր վարչապետ նշանակած է Մարիօ Մոնտին։
75¬ամեայ Պերլուսքոնիի հրաժարականի պատճառ դարձաւ Իտալիոյ պարտքային ճգնաժամը, որը սպառնալիք է եւրօի համար։
Ինչպէս կը հաղորդէ zougla.gr, վերջին շաբթու զարգացումները Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ, կը յանգին նոյն արդիւնքին: Ոչ ընտրուած երկու նոր վարչապետներ, որոնք դրամատնային համակարգի քաջատեղեակ ու գործօն ղեկավարներ են: Հարցական կը մնայ անոնց աշխատանքի արդիւնաբերութիւնը, որ Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ մեծագոյն մարտահրաւէրը կը կազմէ: