Print
Category: Յունական լուրեր

Դժուար շաբաթ մը կը սկսի

Այսօր Երկուշաբթի օր կը սպասուի տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ տնտեսական ծրագրի նոր նախագիծը, 600 միլիոն եւրօ գումարի ապահովման նպատակով: Անցնող շաբաթավերջին կայացան նախարարի եւ եւրոպական եռեակի միջեւ բանակցութիւնները:


Այսօր կը սկսի դժուար շաբաթ մը, հելլէն խորհրդարանէն ներս տնտեսական նոր ծրագրի քննարկումով, որ քուէարկութեան պիտի բերուի Չորեքշաբթի օր: Աշխատաւորական սենտիքաներու եւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ 48 ժամուայ համատարած գործադուլ պիտի կազմակերպուի Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն ընթացքին, ուր Սինտաղմայի հրապարակը բողոքի արտայայտութիւններու կեդրոնատեղին պիտի հանդիսանայ: Պետական շրջանակներուն մօտ ակնյայտ է մտահոգութիւնը, նկատի առած ՓԱՍՕՔի երեսփոխաններու անյստակ կեցուածքը, որ հարցականի տակ  կրնայ առնել խորհրդարանէն ներս օրինագիծի քուէարկութեան արդիւնքը:
«Յառաջիկայ օրերուն պէտք է խօսիլ դառն ու անախորժ իրականութիւններու մասին» դիտել տուաւ տնտեսութեան նախարար Է. Վենիզէլոս: