Վարչապետ Փափանտրէուի հրաժեշտի ելոյթէն ետք, երէկ գիշեր, հակառակ համաձայնութեան մը յանգելու եւ կառավարութեան նոր կազմն ու վարչապետը որոշելու՝ երկրի իշխող կուսակցութիւններու ղեկավարներ Եորղոս Փափանտրէու եւ Անտոնիս Սամարաս ապարդիւն հանդիպում ունեցան հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ:
Հակառակ այս հանդիպումին մասնակցելու ԼԱՕՍի ղեկավար Եորղոս Քարածաֆերիսի մտադրութեան, ան զայրացած մեկնեցաւ նախագահական ապարանքէն, անընդունելի բնորոշելով «քաղաքական խաղերը»:
Երէկ գիշեր Յունաստանի քաղաքացիները դարձեալ հանդիսատես դարձան քաղաքական թատերաբեմին վրայ շարունակուող իրադարձութիւններուն, վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրուող իրերայաջորդ անուններու շուրջ հակասական կեցուածքներու պատճառով: Ըստ յունական մամուլի հաղորդումներուն, խորհրդարանի նախագահ Ֆիլիփոս Փեցալնիքոսի անունը առաջադրուեցաւ, որու հանդէպ խստօրէն հակադրուեցան նոյնինքն ՓԱՍՕՔի երեսփոխանները: Ապա դարձեալ բանակցութիւններու սեղան բերուեցաւ Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ նախագահ Լուքաս Փափատիմոսի անունը, որու հետ կէս գիշերէն ետք հեռաձայնային զրոյց ունեցան երկու կուսակցութիւններու ղեկավարները: Լուքաս Փափատիմոս որոշ նախապայմաններու շուրջ զրոյց ունեցաւ Փափանտրէուի եւ Սամարասի հետ, որոնց շուրջ, ըստ ամենայն հաւանականութեան, համաձայնութիւն պիտի գոյանայ: