­Հել­լէն խորհր­դա­րա­նէն ներս ե­րէկ կա­յա­ցած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին հի­մամբ եւ դրա­կան քո­ւէ­նե­րու ան­նա­խըն­թաց բարձր թիւ ար­ձա­նագ­րե­լով՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւե­ցաւ հա­յու­թեան եւ ­Հայ ­Դա­տի եր­կա­րա­մեայ հա­ւա­տա­ւոր բա­րե­կամ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս։ Եր­կու վեր­ջին օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, երբ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը՝ վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի կող­մէ, յայտ­նի դար­ձաւ թէ ու­սում­նա­սի­րո­ւած քայլ մըն էր, որ կը նպա­տա­կադ­րէր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին բե­րել անձ մը, որ յոյն եւ օ­տար քա­ղա­քա­կան-պաշ­տօ­նա­տա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու գնա­հա­տան­քը կը վա­յե­լէ։

Փ­րոֆ. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս ի­րա­ւա­բան է։ Ան հե­տե­ւած է ա­կա­դե­մա­կան աս­պա­րէ­զին, Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նա­կան ճիւ­ղէն ներս։ Զ­բա­ղե­ցու­ցած է նա­խա­րա­րա­կան տար­բեր պաշ­տօն­ներ 2000էն սկսեալ։ 
­Քա­ղա­քա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, փրոֆ. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս հա­յու­թեան եւ ­Հայ ­Դա­տի հա­ւա­տա­րիմ պաշտ­պան հան­դի­սա­ցած է, մօ­տէն գոր­ծակ­ցե­լով Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին հետ։ Ան ե­ղած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու բա­նա­խօս, կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կամ նոյ­նիսկ պարզ որ­պէս խորհր­դա­րա­նա­կան, միշտ ներ­կայ գտնո­ւած է մեր բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։ 
­Մաս կազ­մած է ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բին, մօ­տէն հե­տե­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց շուրջ բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն։

Հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած ցե­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման նա­խօ­րեա­կին, ան պայ­քա­րու­նակ ո­ճով հան­դէս ե­կած է հել­լէն խորհր­դա­րա­նի մէջ, պաշտ­պա­նե­լով Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի թե­զը, թէ օ­րի­նա­գի­ծին մէջ ան­պայ­մա­նօ­րէն պէտք է նե­րառ­նո­ւի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման պա­րա­գան։
Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս այ­ցե­լած է ­Հա­յաս­տան 2007ին, երբ կը վա­րէր ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց, հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ա­պա­կեդ­րո­նաց­ման նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը։